Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Հակառակ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հերթական հաւաքին մասնակցելու նպատակով Երեւանէն ուղարկուած հրաւէրին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով որոշած է Հայաստան չայցելել:

Ըստ «Ազատութիւն» կայանին՝ Մամետեարովի փոխարէն՝ Ատրպէյճանը այդ ժողովին պիտի ներկայացնէ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան տընտեսական համագործակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Շովկի Մեթհիզատէն: Այս լուրը հաղորդուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի բանբերին կողմէ

Սեւծովեան Տնտեսական համագործակցութեան իստին մասնակիցները պիտի քննարկեն կառոյցի ծիրին մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

 Նախագահութեան փոփոխութիւն
Ժողովի ծիրին մէջ կազմակերպութեան նախագահութիւնը Հայաստանէն պիտի անցնի Պուլկարիոյ, որովհետեւ Ատրպէյճան պիտի չստանձնէ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը, քանի որ Ազրպէյճան յաջորդ տարի պիտի նախագահէ շարք մը այլ միջազգային կառոյցներու: