Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Զարաքօլու Խիղճի Պարտք Կը Նկատէ Վերժինէ Սվազլեանի «Վկայութիւններ»ու Թրքերէնով Հրատարակումը

Ռակըպ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը նոր ու ստուար հատոր մը եւս հրատարակեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Այս անգամ ան ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը դնէ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ, գիտնական ու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նիւթերու մասնագէտ Վերժինէ Սվազլեանին լայնաշունչ մէկ գործը, որ  կը բովանդակէ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու յուշեր, վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ տառապալից այդ շրջանին յօրինուած հայերէն ու թրքերէն երգեր:

Վերժինէ Սվազլեանին այս գիրքը 55 տարիներու աշխատանքի մը արդիւնքն է: Թէեւ հոն խօսողները այլեւս կենդանի չեն, բայց հեղինակը մէկ երկիրէն միւս երկիրը շրջելու ընթացքին հաւաքած է անոնց վկայութիւնները ու տեսողական փաստաթուղթերու վերածած զանոնք՝ այդ վկայութիւնները բառ առ բառ թուղթին յանձնելով:

«Պելկէ» հրատարակչատունը, որ Ցեղասպանութեան մասին ցարդ հրատարակած է շատ կարեւոր գիրքեր, այս անգամ հրատարակած է բոլորովին տարբեր տեսակի գիրք մը, որուն թարգմանութիւնը կատարած են Տիգրան Տէր Ողորմեաճեան եւ Պետրոս Չաւիքեան:

Վերժինէ Սվազլեանին աշխատասիրութիւնը հայերէնով հրատարակուեցաւ 2011-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի եւ Հնագիտական հիմնարկի համատեղ նախաձեռնութեամբ: Հայերէնով հրատարակուելէն հազիւ երկու տարի ետք գիրքը կ՛արժանանայ թրքերէնով հրատարակուելու բախտին:

Վերժինէ Սվազլեան գիրքին մուտքը գրելէ եւ Հայոց ցեղասպանութեան մայր գիծերուն ու արդիւնքներուն մասին տեսակէտներ պարզելէ ետք, ձայնը տուած է քանի մը հարիւր վերապրողներու, որոնցմէ մէկ մասը կը պատմէ իր անձնական յուշերն ու ապրումները, իսկ միւս մասն ալ կը պատմէ ընդհանուր պատահարներն ու զանգուածին ապրումները: Յատուկ կարեւորութիւն ունի նաեւ այն բաժինը, ուր կը տրուին տխուր երգեր, որոնք կը պատմեն հայ ժողովուրդին ապրած ցաւն ու տառապանքը: Ընդհանրապէս 700 գլուխ վկայութիւն եւ երգ կայ այս գիրքին աւելի քան հազար էջերուն վրայ:

«Այս մէկը խիղճի հարց է: Չեմ կրնար խիղճս անտեսել ու անոր դէմ քայլերու դիմել», ըսած է թրքական «Պելկէ» հրատարակչութեան հիմնադիր-տնօրէն, յայտնի իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլու, պատասխանելով հայ լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք չէ՞ք վախնար   գիրքը հրատարակելէն եւ Հայաստանի մէջ անոր շնորհանդէսին մասնակցելէ ետք Թուրքիա վերադառնալէն:

Զարաքօլու Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին ժամանած էր Երեւան, Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ գիրքի շնորհանդէսին մասնակցելու համար: Իր կարծիքով, թրքական իշխանութիւնները չեն յանդգնիր իր նկատմամբ որեւէ քայլ իրականացնել՝ այս գիրքը հրատարակելուն համար:

«Նախապէս եւս տպած ենք նման գիրքեր: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ իրենց փորձերն անյաջողութեան կը մատնուին: Թուրքիոյ իշխանական խաւը կ՛ուզէ մեզի նմանները լռեցնել», ըսած է ան, յիշեցնելով, թէ իր գործունէութեան համար կը շարունակուի հետապնդուիլ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ: