Երէկ Քիեւի մէջ կայացաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին առիթով։
«Ատրպէյճանը յոյս ունի, որ հակամարտութիւններու լուծման եւ սպառազինութիւններու վերահսկման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի ջանքերը մօտ ապագային յաջողութիւն պիտի ունենան: Այդ մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը:
Ան աւելցուց թէ «Տարածաշրջանային կայունութեան հնարաւոր չէ հասնիլ առանց ԵԱՀԿ-ի տարածաշրջանէն ներս առկայ հակամարտութիւններու լուծման եւ քաղաքական երկխօսութեան, այդ ութոփիա է», - ըսած է Մամետիարովը, ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան։
ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՏԵՂ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Նշենք, որ ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդին ներկայ եղան Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, ԱՄՆի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարները, որոնք պայմանաւորուեցան արդէն ձեռք բերուածի հիման վրայ շարունակել համատեղ աշխատանքը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արդար ու խաղաղ կարգաւորման։
Համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները ողջունեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ վերջերս իրագործուած հանդիպումը եւ բարձր մակարդակով երկխօսութեան վերսկսումը եւ յոյն յայտնեցին, որ յառաջիկայ հանդիպումները պիտի նպաստեն խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։