Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմ հանդիպումը պիտի կայանայ 17 Դեկտեմբերին՝ Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մէջ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր գործընկերներ Էլմար Մամետեարովն ու Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆը հրաւիրած է Քոնիա:

Նախարարներու առաջին եռակողմ հանդիպումը տեղի ունեցած էր Ուրմիոյ մէջ, երկրորդը՝ Նախիջեւանի մէջ: Երրորդ հանդիպումը կը նախատեսուէր կատարել Էրզրումի մէջ, սակայն անիկա չեղեալ նկատուած էր: