Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ամերիկացի յայտնի հաղորդավար, լրագրող Լարի Քինկի հնարաւոր այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն իսկական խուճապի առիթ դարձած է Ատրպէյճանի մէջ:

Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:

Համացանցային ֆորումներու եւ գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցներու մէջ այցելութեան մասին խօսակցութիւններէն ետք՝ այժմ հարցը կարծես թէ կը բարձրանայ պետական մակարդակի:

Ատրպէյճանական Trend.az-ը՝ լրագրողի այցելութեան մասին լուրերը ճշդելու համար՝ դիմած է Պաքուի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւն, ուր յայտնած են, որ իրենք տեղեակ չեն Լարի Քինկի Լեռնային Ղարաբաղ այցելութենէն:

Ատրպէյճանցիներուն մէկ մասը բարկացած է, իսկ ոմանք իրենց ազգային արժանապատւութիւնը վիրաւորուած զգացած են ամերիկեան յայտնի հաղորդավարի Արցախ այցելելու մասին խոստումէն։