Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Եւրոմիութեան աջակցութեամբ Թուրքիան կը ծրագրէ 2014-ին ականազերծել արեւելեան հարեւաններ Հայաստանի եւ Իրանի հետ սահմաններուն մօտ մէկ երրորդը:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը յայտնէ թրքական Հապէրլէր լրատուական կայքը:

Ըստ այդ ծրագիրին եկող տարի պէտք է Հայաստանի եւ Իրանի սահմաններուն երկայնքով ականազերծուի 11.6 միլիոն քմ տարածքի 4 միլիոն քմ մասը: Այդ աշխատանքներուն համար կը պահանջուի 52.4 միլիոն եւրօ, որուն 75 տոկոսը պէտք է տրամադրէ Եւրոմիութիւնը, իսկ 25 տոկոսը՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը: