ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Նովոսթի Արմէնիա».- Դեկտեմբեր 12ին, Երեւանի մէջ պիտի գումարուի Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը, որուն հրաւիրուեցան այս կազմակերպութեան անդամակցող երկիրներու նախարարները։
Թրքական մամուլը կը նշէ, թէ այս հաւաքին հրաւիրուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հրաւէրին առընթեր՝ մասնաւոր կերպով շեշտեց, թէ հայկական կողմը շատ գոհ պիտի մնայ, եթէ Տաւութօղլու հրաւէրը ընդունի ու Երեւան գայ։
Մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Տաւութօղլու հրաւէրը ընդունելու տրամադրութիւն ունի, բայց վերջնական որոշումը պիտի տայ՝ տեսնելէ ետք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին արդիւնքը։ Այդ հանդիպումը արդէն իսկ կայացաւ, եւ հանդիպման աւարտին Սերժ Սարգսեան ու Իլհամ Ալիեւ համաձայնեցան երկխօսութիւնը շարունակելու շուրջ, ինչ որ կրնայ դեր խաղալ, որ Տաւութօղլու ընդունի Երեւանի հրաւէրը։
Այս առթիւ, դիւանագիտական աշխարհը կը յիշեցնէ, որ Տաւութօղլու անցեալ ամիս յայտնած էր, թէ Թուրքիա ստեղծագործական կարգ մը միջոցներու մասին կը մտածէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերահաստատման ուղղութեամբ։ Անոր այս խօսքերը տեղի տուած էին զանազան մեկնաբանութիւններու, բայց Տաւութօղլու նաեւ ըրած էր յայտարարութիւն մը, որ լաւատեսութիւն չէր ներշընչեր։ Ան ըսած էր, որ Թուրքիա պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, բայց նախ պէտք է լուծուի Արցախի հարցը։ Այս պայմանադրութիւնը այսօրուան պայմաններուն մէջ, կը նշանակէր, որ Թուրքիա տակաւին երկար ժամանակ չի կրնար բանալ Հայաստանի սահմանադուռը։
Դիւանագիտական յարաբերութիւն չկայ, բայց Թուրքիա ճանչցած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ուստի Տաւութօղլուի Երեւան երթալուն մէջ որեւէ անպատեհութիւն չկայ: Նախապէս, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երեւանէն նման հրաւէր ընդունած ու ֆութպոլի մրցումի մը ներկայ գտնուած էր։
Նաեւ, նոյն թուականներուն Թուրքիա պիտի այցելէ Գերմանիոյ նախագահը եւ կ՛ըսուի, որ թերեւս Տաւութօղլու այդ այցելութիւնը իբրեւ պատրուակ կրնայ գործածել Երեւան չերթալու համար։
Երէկ Չորեքշաբթի օր, Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան անուղղակիօրէն հաստատած է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրուած են Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին:
Ան դիտել տուած է թէ «Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան պետութիւնների արտգործնախարարների 29րդ հանդիպմանը մասնակցելու համար, հրաւէր է ուղարկուել կազմակերպութեան անդամ երկրների ԱԳ բոլոր ղեկավարներին», գրած է Բալայեան:
Ինչպէս նախապէս ալ յայտնած ենք, ընթացիկ տարուան Յունիս 21ին, Հայաստան ստանձնեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը, ինչ որ որոշ պարտականութիւններ դրած է իր վրայ: