Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պոլսոյ Ֆէրիգիւղ թաղամասի Սուրբ Վարդանանց հայկական եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցած է «Մուշի հայկական մշակոյթի հետքերը» խորագիրով խորհրդաժողով մը:

Ձեռնարկը կազմակերպուած է հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) կողմէ:

Ժողովին մասնակիցները իրենց ուսումնասիրութիւններով եւ գոյութիւն ունեցող փաստերուն միջոցով լուսաբանած են Մուշի մէջ հայկական կառոյցներու աւերման պատմութիւնը:

Հանդիպումին, «Հայճար»ի անդամ Զաքարիա Միլտանօղլու, լուսարձակի նկարներով, մասնակիցներուն ներկայացուցած է տեղւոյն վրայ՝ հայկական ժառանգութեան այսօր պարզած վիճակը:

Միլտանօղլու բացատրած է, որ Մշոյ Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիները որոնք այսօր անհատի մը սեփականութիւնն են, կը գործածուին որպէս ախոռ, յարդի պահեստանոց եւ մթերանոց: Անոնք դեռ կանգուն կը մնան իրենց չորս պատերով եւ տանիքով: Իսկ մնացեալէն գրեթէ հետք իսկ չէ մնացած: Առաքելաց վանքի մնացորդացը կարծէք կը տքնի անցեալի քարաշէն խորհրդանիշը հանդիսանալու: Գոմեր գիւղի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիէն միայն մնացած է պատ մը եւ զանգական ոտքերէն մէկը: Այնքան քարուքանդ ըրած են, որ ամէն կողմ փոշի, հողակոյտ, քարակոյտ ըլլալով՝ իրենք չեն կրցած նոյնիսկ եկեղեցւոյ բուն դիրքը ճշդել: Գանձախոյզները խլուրդներու նման ամէն կողմ փոսեր, ծակեր բացած են: Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Չէնկիլլիի եւ Սուրբ Կարապետ վանքերը, աւելի ճիշդ՝ ինչ որ մնացած է անոնցմէ: Հայոց պատմութեան կարեւոր կեդրոններէն Սուրբ Կարապետ 1915էն վերջ թալանուած է, աւերուած: Ներկայիս հազիւ երկու պատեր կը վկայեն անոր անցեալի փարթամ գոյութեան մասին: Անոր անզուգական քարերը գործածուած են շըրջանին մէջ քիչ մը ամէն կողմ, ներառեալ… մզկիթին շինութեան մէջ:

Անդրադառնալով Մշոյ Քալէալթը հայկական թաղի տուներուն փլուզման հարցին (որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ զոհուած են Մշոյ քաղաքապետին նոր քաղաքաշինութեան ծրագրին համար), Միլտանօղլու ըսած է թէ չեն կրցած տեսնուիլ քաղաքապետ Նէճմէտտին Տէտէի հետ, վերջինս քաղաքէն բացակայած ըլլալով:

Միլտանօղլու այս մասին մանրամասն հարցազրոյց մը տրամադրած է «Թարաֆ» թերթին: