Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թրքական «Աքշամ» թերթին մէջ լոյս տեսած լուրի մը համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու կը կանխատեսէ հայ-թրքական սահմանին վերաբացումը, եթէ կարելի ըլլայ այդ մասին համոզել Ատրպէյճանը:

Տաւութօղլու այդ մասին տեղեկացուցած է Թուրքիոյ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներուն, դռնփակ նիստի մը ընթացքին: Ազգայնամոլ «Ազգային շարժում» կուսակցութեան (MHP) Իգդիր նահանգի երեսփոխան Սինան Օղան նախարարին յայտնած է, որ Հայաստանի հետ  սահմանային անցակէտին եւ երկաթուղիի վերջին հատուածին մէջ որոշ աշխատանքներ նկատուած են: «Արդեօք որոշ նախապատրաստութի՞ւն կայ Հայաստանի հետ սահմանը բանալու ուղղութեամբ», հարց տուած է երեսփոխանը: Նախարարը պատասխանած է. «Մենք կը տանինք որոշ աշխատանքներ»: