Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Մարմարա» կը գրէ, որ որոշ ատենէ մը ի վեր կը հաղորդուի, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հայերու կողմէ ձեռնարկուած միջոցառումները դիմագրաւելու։

Անոնք մտահոգուած են միջազգային հանրային կարծիքի վրայ «հայկական պնդումներու» արձագանգէն, նկատելով թէ հետզհետէ կը շեշտուին հայկական տեսակէտները նոյնիսկ երկրի ներքին իմաստով։   Պահպանողական շրջանակներ արդէն որոշ ատենէ ի վեր զգուշութեան կը հրաւիրեն կառավարութիւնը եւ կը հարցնեն, թէ կառավարութիւնը ինչպէ՞ս պիտի փոխադարձէ հայերու պահանջատիրական պնդումներուն։

Երէկ Չորեքշաբթի օր հաղորդուած է, որ այս նիւթին շուրջ լուրջ պարտականութիւն յանձնուած է Թուրքիոյ պատմութեան խորհուրդին (Թիւրք Թարիհ Քուրումու), որ միջազգային հանրային կարծիքի հրապարակին վրայ հայերու կողմէ Թուրքիոյ դէմ ցեղասպանութեան ամբաստանութիւններուն մասին պիտի խօսի «պատմական ճշմարտութիւններու լոյսին տակ» եւ պիտի պատրաստէ փաստագրական ժապաւէններ, որոնք արձագանգ պիտի ստեղծեն։

«Մարմարա» կը յիշեցնէ, որ Թուրք պատմութեան խորհուրդի նոր նախագահ Մեթին Հուլակու վերջերս կատարած էր յայտարարութիւններ, որոնք բողոքներ յառաջացուցած էին։ «Եթէ հայերը փաստաթուղթ ունենային, հարիւր տարի չէին սպասեր մեզի դէմ գալու համար», ըսած էր ան։

Օրաթերթը կը նշէ, որ խորհուրդը ներկայիս կը պատրաստէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող հրատարակութիւններու շարք մը, որ բազմաթիւ մասնագէտներու կողմէ գրուած պիտի ըլլայ։ Խորհուրդը 2013-ին 17 հատոր հրատարակած է, եւ մինչեւ տարեվերջ պիտի հրատարակուին 180 ուսումնասիրութիւններ եւս։ Բացի ատկէ, նախապէս տպուած 5 գիրքերու նոր տպագրութիւնը իրականացած է։ Որոշուած է, որ խորհուրդը դրամական օգնութիւն տրամադրէ 34 պեղումներու եւ մակերեսի փնտռտուքներու համար։ 2013-ին Թուրք պատմութեան խորհուրդի գրադարանէն օգտուած են 4486 հետազօտողներ, որոնք աւելի քան 21 հազար փաստաթուղթ օգտագործած են։ Կը շարունակուի տասնեակ հազարաւոր գիրքերու դասաւորումը եւ կարգ մը արժէքաւոր ձեռագիրներ թուայնացնելու աշխատանքը։ Խորհուրդը կրթաթոշակներ պիտի յատկացնէ նաեւ այս մարզերուն մէջ մասնագիտանալ ուզող ուսանողներուն։