Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լեւենթ Կիւմրիւքչիւ յայտնած է, որ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու խորհրդարանին մէջ չէ յայտարարած, թէ իրենք կը պատրաստուին Հայաստանի հետ սահմանը բանալ եւ կը փորձեն Ատըրպէյճանի համաձայնութիւնը ձեռք բերել։
«Թուրքիան Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատում կ՛ուզէ։ Մեր երկիրը բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի բռնագրաւման դադրեցման զուգահեռ շրջանային համագործակցութեան ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկելու։ Մենք կը համագործակցինք Ատրպէյճանի հետ։ Թուրքիան դրական կերպով պիտի արձագանգէ որեւէ քայլի, որ պիտի օժանդակէ շրջանին մէջ յառաջընթացին», ըսած է ան։
Կիւմրիւքչիւ նաեւ անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու շրջան այցելութեան եւ ըսած է, որ Թուրքիան՝ իբրեւ Մինսքի խմբակի անդամ, կը հետեւի իրադարձութիւններուն, եւ տակաւին կանուխ է խօսելու թէ ինչ քայլեր պիտի ձեռնարկուին տագնապի լուծման համար՝ այցելութիւններէն ետք։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ նշած է, որ Թուրքիան հարցի արագ լուծում կ՛ուզէ եւ պատրաստ է որեւէ քայլի, որ ուղղուած կ՛ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման։