Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Իսկ 1913-ին՝ հինգէն մէկն էր

Ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան, Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերը 50 հազար են, հրեաները՝ 28 հազար, յոյները՝ 2 հազար: Մինչդեռ 100 տարի առաջ, 1913 թուականին, ոչ մահմետական էր Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ ապրող ամէն 5-րդ բնակիչը:

Այս մասին կը յայտնէ «t24» լրատուական կայքի սիւնակ վարող թուրք «պլոկը» Պարան Ալփ Ունճուն: Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է վերջին 100 տարուայ ընթացքին տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն վրայ: Ըստ իր բնորոշման, 1915-ի ողբերգութիւնէն (Ցեղասպանութիւն) յետոյ եւ Թուրքիոյ մէջ հանրապետական կարգերու հռչակման տարիներուն ժողովրդագրական պատկերը փոխուեցաւ. արդէն ոչ մահմետական էր ամէն 40-էն միայն մէկը:

«Այդ ալ կարծես քիչ էր, յետոյ ալ վրայ հասան 1934-ի Թրակիայի դէպքերը, Ունեւորութեան հարկը, Սեպտեմբերի 6-7-ի վայրագութիւններն ու թալանը, «հայրենակի՛ց, թուրքերէ՛ն խօսիր» արշաւները եւ այլն: Իսկ Կիպրոսի հարցով 1964-էն սկիզբ առաւ ահաբեկման քաղաքականութիւնը ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ: Այսպէս եկանք-հասանք մինչեւ մեր օրերը,- կը գրէ Ալփ Ունճուն՝ շարունակելով. եթէ կլորցնենք թիւերը, ապա կը ստացուի, որ վիթխարի 80 միլիոնի մէջ մնացած է ընդամէնը 80 հազար ոչ մահմետական: Տոկոսային յարաբերութեամբ սա կը կազմէ 0.001: Այսինքն ամէն 1000 մարդու վրայ միայն մէկն է հայ, հրեայ կամ յոյն»:

Այս կապակցութեամբ յօդուածագիրը կը յիշեցնէ հետազօտող-լրագրող Միխայիլ Վասիլիատիսիցի լսած դէպք մը: Թուրքիա այցելած օտարերկրացիները, երբ կÿիմանան, որ այդ երկրին մէջ կÿ ապրի 2000 յոյն, այսպիսի հարց կուտան. «Իսկ ո՞ր հիւրանոցին մէջ կÿապրին»:

Ոչ մահմետական բնակչութեան ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան հետեւանքով է, որ տասնամեակներու ընթացքին խիստ նուազեցաւ հայ, յոյն եւ հրեայ աշակերտներու թիւը հանրակրթական դպրոցներուն մէջ : Այսպէս, 2012-2013 ուսումնական տարուայ Թուրքիոյ հայկական դպրոցներուն մէջ կÿաշակերտէ 3137, յունական դպրոցներուն՝ 230, հրէականներուն՝ 688 հոգի:

«ԷՐՄԵՆԻ ՀԱՊԵՐ»