Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ ժամանակակից լրագրողներու միութեան նախագահ Ահմետ Ապաքայ յայտնած է, որ նոյնիսկ իր հարազատներէն սպառնալիքներ ստացած է, երբ մամուլով ըսած է, թէ իր մայրը ամբողջ կեանքին ընթացքին գաղտնի պահած է հայ ըլլալը, իսկ ինք այդ մասին գիրք գրած է: Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին համաձայն, գրող-լրագրող Ահմետ Ապաքայ իր մօր մասին գրած «Հոշանայի վերջին խօսքը» գիրքի շնորհահանդէսին ընթացքին պատմած է, որ երբ ինք մամուլով յայտնած է, թէ գիրք գրած է 82 տարեկանին իր հայ ըլլալը բացայայտած մօր մասին, ենթարկուած է նոյնիսկ  իր հարազատներուն սպառնալիքներուն: «Երբ այսօր իմ բարեկամներս նման բաներ կ՛ըսեն ինծի եւ այդպիսի դիրքորոշումներ կ՛ունենան, ուրեմն բնական է, թէ ինչու մայրս այդքան տարիներ վախցած է յայտնելու իր հայ ըլլալը», նշած է Ապաքայ՝ շեշտելով, որ իր մայրը խնդրած է, որ մինչեւ իր մահը ոչ ոքի ըսէ իր հայ ըլլալուն մասին:
Ահմետ Ապաքայ պատմած է, որ գիրքը գրելու ընթացքին շատ զգացական պահեր ապրած է եւ որոշ հատուածներ գրելէ ետք երկար լացած է:
Թուրքիոյ  ժամանակակից լրագրողներու միութեան նախագահ Ահմետ Ապաքայի «Հոշանայի վերջին խօսքը» գիրքի նախաբանին մէջ գրուած է հետեւեալը.
«Մանկութենէն ի վեր ալեւիական մշակոյթով մեծցած կին մը իր հայ ըլլալը 82 տարի շարունակ իր ընտանիքէն, երեխաներէն, թոռներէն գաղտնի՞ պիտի պահէ: Գիւղ մը 82 տարի եւ այսօր պիտի լռէ՞: Մինչեւ որ օր մը իր ամէնէն կրտսեր որդիին՝  ինծի, պատմեց իրականութիւնը՝ իր մանրամասնութիւններով: Յաջորդ օրը արկածի իբրեւ հետեւանք կորսցնուց իր գիտակցութիւնը, որմէ ետք մահացաւ: Գրելով Հոշանայի այս գաղտնիքին մասին, անհրաժեշտ նկատեցի ներկայացնել անոր կեանքէն մանրամասնութիւններ, որոնք կ՛երկարին մինչեւ իմ մանկութեան եւ երիտասարդութեան տարիները» կը գրէ Ապաքայ: