Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԵԱՀԿ-ի Դիտարկման Ընթացքին Ատրպէյճան Կրակ Կը Բանայ

Նախանցեալ օր ժամը 20:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Հայաստանի հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած զօրամասին հսկողութիւն կատարելու ընթացքին մահացու ականապայթիւնային վէրքեր ստացած ու զոհուած է պաշտպանութեան նախարարութեան «ԷՆ» զօրամասի ճարտարագիտասակրաւորային վաշտի հրամանատար, սպայ Գէորգ Մնացականեանը:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան, տարբեր աստիճանի վէրքերով Երեւանի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած են աւագ տեղապահ Գարուշ Համբարձումեանը, պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայող, շարքային Նարեկ Յակոբեանը եւ պայմանագրային ծառայող, շարքային Էդկար Յարութիւնեանը: Համբարձումեանի եւ Յարութիւնեանի վիճակը կը նկատուի միջին ծանրութեան, Յակոբեանինը‘ բաւարար:
Կը կատարուի հետաքննութիւն:
Միւս կողմէ, երէկ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու հանդիպման սահմանագիծին վրայ‘ Հադրութի ուղղութեամբ, նախատեսուած ԵԱՀԿ առաքելութեան դիտարկումը ընդհատուած է ազրպէյճանական կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներուն պատճառով:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, կրակոցներուն  ականատես եղած են երկու կողմերու դիտարկման խումբերը:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիք, որ գլխաւորած է դիտարկման առաքելութիւնը հակառակ կողմէն, անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնած որոշած է դադրեցնել դիտարկումը: