Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Neue Zrcher Zeitung զուիցերիական պարբերականին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին համաձայն չէ եղած այն տեսակէտին հետ, թէ «զերօ խնդիրներ հարեւաններուն հետ» քաղաքականութիւնը տապալած է:

Ան անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն նշելով, որ անոնք այսօր աւելի լաւ վիճակի մէջ են, քան տասը տարի առաջ, կը հաղորդէ civilnet-ը՝ վկայակոչելով Anadolu գործակալութիւնը:

«Հայաստանի հետ 2009-ին ստորագրեցինք արձանագրութիւնները, սակայն Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը Ատրպէյճանի հողերու բռնազաւթումը շարունակելու որոշում կայացուց», - ըսած է Տաւութօղլու՝ արձանագրութիւններու տապալման մէջ մեղադրելով հայկական կողմը:

Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութեան համար մեղադրելով այդ երկու երկիրները՝ Տաւութօղլու միեւնոյն ժամանակ գոհունակութեամբ խօսած է Յունաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ հետ զարգացող յարաբերութիւններուն մասին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է նաեւ 2015-ին Ժնեւի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի տեղադրման նախաձեռնութեան մասին եւ յոյս յայտնած, որ անիկա կեանքի չի կոչուիր:

Անցեալ շաբաթ Զուիցերիոյ մէջ Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ «Թուրքիան կը ձգտի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման, սակայն՝ վերապահումներով»:

«Մենք կը գնահատենք թուրք-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորումը, այդուհանդերձ, բարելաւման յարատեւութեան համար անհրաժեշտ է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ խնդիրները, Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը լուծուին, եւ դադրեցուի ատրպէյճանական հողերու բռնազաւթումը», - ըսած էր Տաւութօղլու: