Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.».- Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 9ին կայացած Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն համաձայն՝ երրորդ անգամ նախագահ ընտրուած է Իլհամ Ալիեւը, խլելով քուէներուն 84 տոկոսը:

Մնացեալ 9 թեկնածուներուն մէջ ամենաշատ քուէները խլած Ճամիլ Հասանլի (8 տոկոս), յայտարարած է, թէ ընտրական օրէնքներու բազմաթիւ խախտումներ արձանագրուած են:

Հասանլի «Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդ» դաշինքի միասնական թեկնածուն էր:

Ընտրութեանց մասնակցած են քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 66.85 տոկոսը:

Մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ, տարբեր առիթներով քննադատած են ընդդիմութեան դէմ կառավարութեան կողմէ շարունակուող հալածանքը եւ ճնշումները, որոնք իսկական ժողովրդավարական ընտրութիւնները անկարելի կը դարձնեն:

Ընտրութեանց նախօրեակին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ըրած էր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ պաշտպանեն կարծիք արտայայտելու ու հաւաքներ կատարելու հիմնարար ազատութիւնները: