Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Միջազգային մամուլը կ'ընդգծէ Ատրպէյճանի մէջ առկայ վախի մթնոլորտը

Ատրպէյճանի մէջ այսօր կայացող նախագահական ընտրութիւններու նախաշեմին միջազգային մամուլը եւ յատկապէս Washington Post-ը ծաւալուն գրութիւններ հրապարակած են իրենց ընթերցողներուն ներկայացնելով Ատրպէյճանի մէջ նախընտրական մթնոլորտը, ընտութիւններուն մասնակցող հիմնական ուժերն ու նաև կանխատեսումները՝ յետընտրական ընթացքին մասին:

Ամերիկեան պարբերականը յատկանշականօրէն կը գրէ թէ «Հոկտեմբեր 9-ին ատրպէյճանցիները ընտրութիւններու կ'երթան վախի ու հիասթափութեան խոր զգացումներով»:

Ընդդիմութեան տարբեր ղեկավարներ ժողովրդային հաւաքներ ունեցած են նախորդող օրերուն ընթացքին, հակառակ որ Պաքուի մէջ չթոյլատրուեցան նման պարագաներ: Մարդոց դժգոհութիւնը ակնյայտ է, այսուհանդերձ հնարաւորութիւն չտրուեցաւ որ ժողովրդային բողոքներ տեղի ունենան:

Շատ փորձագէտներ կը կանխատեսեն, որ այս ընտրութիւններէն ալ յաղթական դուրս կուգայ արդէն 10 տարի իշխող Իլհամ Ալիեւը: Ընտրուելու պարագային, սա արդէն նախագահական երրորդ ժամկէտը կը դառնայ Իլհամ Ալիեւի համար, որ հնարաւոր դարձաւ 2009 թուականի վիճայարոյց սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք:

Ատրպէյճանը յետխորհրդային ամէնաբռնատիրական երկիրներէն է, կը գրէ ամերիկեան պարբերականը՝ նշելով, որ կաշառակերութիւնը «կը ծաղկի» հասարակական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Washington Post-ը կը յիշեցնէ թէ նախորդ նախագահական ընտրութիւններուն՝ 2008-ին, Ալիեւը հաւաքած էր գրեթէ 89% տոկոս ձայն:

 

 

«Հայկական գործօնը» ատրպէյճանական ընտրութիւններուն մէջ 

Արդէն սովորական դարձած է՝ Կովկասեան թրքա-ազերիական պետութիւններու ընտրութիւններու ժամանակ, ընդդիմադիր թեկնածուներու եւ իրենց հարազատներու հայկական ծագումը «յայտնաբերելու» հնարքը, որ սովորաբար նաեւ կը դառնայ նախընտրական արշաւի կարեւոր գործօն:

Ատրպէյճանի մէջ այսօր Հոկտեմբեր 9-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն առիթով կիրքերը սրած են: Մի քանի օր առաջ, թեկնածուներու միջեւ հեռուստատեսիլային բանավէճը վերածուեցաւ փոխադարձ վիրաւորանքներով համեմուած վէճի, որու ընթացքին իշխանամէտ «Մուասիր Մուսավաթ» կուսակցութեան առաջնորդ Հաֆիզ Հաճիեւը ընդդիմութեան միասնական թեկնածու, պատմաբան Ջամիլ Հասանլիին մեղադրեց հայերու հետ ազգակցական կապեր ունենալու մէջ...

Իր այս մեղադրանքին հետած է ընդդիմութեան թեկնածուի ակնթարթային, բայց խիստ առարկայական պատասխանը. - «Հաֆիզ Հաճիեւին կուզեմ յիշեցնել՝ թէ այդ դու չէի՞ր, որ 1996 թուականին յայտարարեցիր, թէ Հէյտար Ալիեւի մայրը ազգութեամբ հայ է: Այն ժամանակ քեզ նման յայտարութիւններու համար նոյնիսկ ձերբակալեցին: Եւ հիմա իշխանութիւնները յանդգնութիւն կը ցուցաբերե՞ն եւ նման մարդուն կÿօգտագործեն իմ դէմ», - պատասխանեց Հասանլին:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւի մեծ մօր հայկական ծագման մասին այս յիշատակումէն յետոյ Հաֆիզ Հաճիեւը զայրացած՝ աւելի յուզական եւ սպառնալից յայտարարութիւններով հակադարձեց:

Բայց մամուլ եւ ժողովուրդ կը գիտակցին թէ այս բանավէճերը ոչինչ կը նշանակեն եւ պարզօրէն՝ ձեւական են: Բայց նոյնիսկ նման ձեւական բանավէճերու Իլհամ Ալիեւը չէ փափաքած մասնակցիլ: