Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«The Washington Post» պարբերականը անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցւոյ վերաբացման եւ հոն կայացած պատարագին, ինչպէս կը յայտնէ Panorama.am-ը:

Պարբերականի հաղորդումով՝ Տիարպեքիրի մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին, որ աւերակ դարձած էր 1915-ի ջարդերու ժամանակ եւ չէր գործեր արդէն շուրջ մէկ դարէ ի վեր, վերակառուցուած է եւ արդէն քանի մը ամիս է, որ կը հնչեն եկեղեցւոյ զանգերը:

Եկեղեցւոյ վերականգնման համար ծախսուած է շուրջ 3 միլիոն տոլար. վերակառուցուած է եկեղեցւոյ առաստաղը, վերականգնուած են բոլոր եօթը խորանները եւ երկաթէ զանգը վերադարձուած է զանգակատուն:

Տեղաբնակ հայու մը խօսքերով‘ եկեղեցւոյ զանգերը դեռ խորհրդանշական են, քանի որ եկեղեցւոյ քահանան Երուսաղէմ կը գտնուի՝ վերապատրաստման, սակայն երբ ան վերադառնայ, եկեղեցւոյ մէջ ամէն շաբաթ կանոնաւոր պատարագ պիտի մատուցուի:

Ըստ յօդուածի հեղինակին՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացումը, որ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող ամենամեծ հայկական ուխտատեղին է, կը համարուի իբրեւ քիւրտ իսլամներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մէջ իրենց նախնիներուն դերի վերաարժեւորման փորձ: Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ Ապրիլին քրտական Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը ճանչցած էր 1915-ի կոտորոծը եւ կոչ ըրած էր Թուրքիոյ կառավարութեան ճանչնալու հայերու ցեղասպանութիւնը:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացումը եւ արդէն այս տարի կայացած երկրորդ պատարագը, տեղի ունեցած է Տիարպեքիրի քիւրտ քաղաքապետին նախաձեռնութեամբ, որ ո՛չ միայն ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրած է եկեղեցւոյ վերակառուցման համար, այլ նաեւ կանգնեցուցած է 1915-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը հանրային զբօսայգի մը մէջ, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուի այնտեղ բանալ հայկական թանգարան:

Յօդուածը նաեւ կը նշէ, որ ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիները վտանգուած են, իսկ վերաբերմունքը քրիստոնեաներու հանդէպ կը մնայ բացասական: