Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ֆրանսական AFP լրատու գործակալութիւնը անդրադարձած է ՄԱԿի մօտ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Ակշին Մեհտիեւի այն յայտարարութեան, թէ Պաքու «շատ վտանգաւոր» կը նկատէ սուրիահայերուն Արցախ վերաբնակեցումը:

Մեհտիեւ, որ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնած է, այս յայտարարութիւնը կատարած է Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ատրպէյճանի նախագահութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: Մեհտիեւ պընդած է. « Գաղթականները կը վերաբնակեցուին ռազմական բըռնագրաւուած հողերու վրայ, ուրկէ տեղւոյն բնակիչները հարկադրաբար հեռացած են»: