Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Յաջորդող օրերուն ընթացքին Աթէնք պիտի ժամանէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու՝ Յոյն- Թրքական Համագործակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի յառաջիկայ հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս:

Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Լեվենտ Կիւմրուքցուի կողմէ, որ յայտնեց թէ օրակարգի հարցերուն վրայ նախատեսուած են նաեւ կիպրական հարցի վերաբերեալ քննարկումներ:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով, Կիւմրուքցու դիտել տուաւ թէ Նիւ Եորքի մէջ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին, հարց դրուեցաւ Կիպրոսի ներկայացուցիչի Անգարա այցելութեան, ինչպէս եւ փոխադարձաբար գրաւուած Կիպրոսի ներկայացուցիչներու Աթէնք այցելութեան մասին, «տուեալ, որ երբեք չկար մինչեւ այսօր» ըսաւ ան:

 

«Յունաստանը ինքզինք
թող բարեփոխէ նախ»

Նախքան Յունաստան գալը, Տաւութօղլու խօսեցաւ թրքական հեռատեսիլին, անդրադառնալով Թրակիայի մէջ միւֆթիի ընտրութեան եւ Աթէնքի ու Թեսաղոնիկէի մէջ մզկիթներ կառուցելու «անհրաժեշտութեան», այս հարցերը որպէս նախապայման նկատելով՝ Խալքիի Աստուածաբանական վարժարանի գործունէութեան թոյլատուութեան:

«Յունաստանը ինքզինք թող բարեփոխէ նախ» ըսաւ ան, Թուրքիոյ կառավարութեան ժողովրդավարացման ուղղուած ծրագրի պայմաններուն անդրադառնալով եւ պատասխանելով CNN Turkի հարցումին, թէ ծրագրին մէջ ինչո՞ւ թէ ներառնուած Խալքիի վարժարանը: Ան «յիշեցուց» թէ հազարաւոր մահմետականներ կ'ապրին Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, եւ անհրաժեշտ նկատեց մզկիթի կառուցումը: