Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թրքական պետութեան կողմէ առգրաւուած յունական հարստութիւններու գծով

Մարդոց Իրաւունքներու պաշտպանութեան Եւրոպական դատարանի կայացուցած միաձայն վճիռը՝ նոր ճանապարհ կը բանայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ յոյներու գոյքերու եւ հարըստութիւններու գրաւման կապակցութեամբ:

Արդարեւ, թուրք դատախազի մը մասնակցութեամբ նոյնիսկ կայացած դատարանի միաձայն որոշումը՝ 5 միլիոն եւրօ գումարի հատուցում կը պահանջէ Ֆոքաս եղբայրներու բացած դատական գործին կապակցութեամբ:

Ֆոքաս եղբայրներու հարցը սկսած էր 1991ին, երբ իրենց քրոջ՝ Փոլիքսենի Փիսթիքայի ամբողջ ժառանգութիւնը գրաւուեցաւ թրքական պետութեան կողմէ, վկայակոչելով 1964ի «գաղտնի» հրամանագիրը: Այս հրամանագրով կը սահմանափակ- ւէր յոյն քաղաքացիներու իրաւունքն ու կարողութիւնը՝ գործարքներ կատարելու իրենց անշարժ գոյքին կապակցութեամբ, մանաւանդ 1964ի յոյն քաղաքացիներու Թուրքիայէն վտարման ալիքէն ետք:

Թրքական պետութիւնը այս հրամանագրով ճըշդուած իր «իրաւասութիւնները» ընդարձակեց ժառանգական իրաւունքներն ալ սահմանափակելով:

Ֆոքաս եղբայրներու դատական գործը իր յաջող աւարտին հասցուցին իրաւաբան Տիմիթրիս Կելտիս, Ախիլէաս Տիմիթրիատիս եւ Պոլիսէն իրաւաբան Օքան Հեմշինիօղլու: Անոնք կը հաւաստիացնեն թէ դատական մարաթոն մը աւարտեցաւ դրական այս վճիռով, որ արժանապատուութիւնը եւ մարդոց իրաւունքները վերականգնեց: Անոնք կÿաւելցնեն թէ նման դիմումներու բարենպաստ մթնոլորտ կայացած է, դատարանի այս վճռի լոյսին տակ: