Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Ակօս» թերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 14րդ դատարանին մէջ երէկ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17ին վերսկսած Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան առաջին նիստին ընթացքին, որոշուած է կրկին ձերբակալել Տինքի սպանութեան մասնակցելու յանցանքով մեղադրուող Էրհան Թունճելը,

որ նախորդ դատավարութենէն ետք ազատ արձակուած էր: Դատական նիստին ներկայ եղած են ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Եասին Հայալը, ինչպէս նաեւ նախորդ դատավարութենէն ետք ազատ արձակուած կասկածելի Հ. Սալիհօղլուն:

Դատարանը ընդունած է բոլոր կողմերուն ներկայացուցած փաստաթուղթերը՝ Թուրքիոյ վճռաբեկ դատարանին կողմէ 2012ի Յունուար 17ին ընդունուած վճիռը բեկանելու վերաբերեալ վերջնական որոշում կայացընելու համար: Դատական նիստը յետաձգուած է մինչեւ Դեկտեմբեր 3:

Դատարանի շէնքին դիմաց, աւելի քան 200 ցուցարարներ բողոքած են Տինքի իսկական ոճրագործները բացայայտելու աշխատանքին մէջ շարունակուող ձգձգումներուն դէմ՝ պահանջելով պատասխանատուներուն բացայայտումը:

Մինչ այդ, Տինքի ընտանիքը յայտարարած է, որ պիտի չմասնակցի դատավարութեան նիստերուն՝ բողոքելով ձգձգումներուն դէմ:

Այս որոշումը բացայայտած նամակին մէջ, Տինքի ընտանիքը շեշտած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ազդու հետաքննութիւն կատարել, երբ պետական համակարգը մեղսակից է Տինքի սպանութեան մէջ:

Յիշենք, որ Տինք սպաննուեցաւ 2007ի Յունուար 19ին, «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ: 2012ի Յունուար 17ին, Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 13րդ դատարանը Տինքի սպանութեան գծով Եասին Հայալին մեղաւոր նկատեց՝ յանցագործութիւնը ծրագրելուն եւ ուղղորդելուն համար, եւ զայն ցմահ բանտարկութեան դատապարտեց: Ոճրագործը՝ Օկիւն Սամասթը, սպանութիւն իրագործելու պահուն անչափահաս ըլլալուն հիմնաւորումով՝ դատապարտուած էր 22.5 տարուան բանտարկութեան: Դատարանը պնդած էր նաեւ, որ սպանութիւնը կազմակերպուած խմբակի մը կողմէ չէր իրագործուած, ուստի ազատ արձակած էր   ամբաստանուած 19 այլ կասկածելիներ, բողոքի մեծ ալիք մը յառաջացնելով: