Յունական defencenet.gr կայքէջը կը հաղորդէ թէ բացայայտ իրողութեան մը հաստատումը կատարուած է Թուրքիոյ մէջ, դատական վճիռի մը հետեւանքով:
Այսպէս, Հաթայ նահանգի դատարանը վճռած է թէ Թուրքիոյ տարածքէն տրամադրուած են քիմիական զէնքերու օգտագործման անհրաժեշտ բաղադրիչները, Սուրիոյ ընդդիմադիր սունի խմբակցութիւններուն:
Բացայայտումները կատարուեցան երբ դատական հետապնդումի տակ բերուած սուրիացի անձ մը մեղադրուեցաւ քիմիական զէնքերու օգտագործման ցանց մը տեղծած ըլլալու առումով: «Կասկածեալները իրենք իրենց անմեղ կը ներկայացնէին, պնդելով թէ անտեղեակ էին թէ նման նիւթեր րնան քիմիական կազերու պատրաստութեան օգտագործուիլ» կը յայտնէ դատախազութիւնը:
Դատարանի վճիռը յանցապարտ հռչակեց թրքական Անթաքիա քաղաքի բնակիչ ու տուեալ ցանցի ղեկավար Հայթամ Քասապը, հաստատելով թէ լման խմբակցութիւն մըն է որ այս գործով կը զբաղէր: Առայժմ ձերբակալուած է 11 հոգի: