Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Նիուզ» լրատուական կայքի լրագրող Արթուր Յակոբեան յօդուած մը հրատարակած է Տէրսիմի իսլամացած հայերուն մասին:

Կարդալէ ետք հակահայ լուրերու հրապարակումով ծանօթ «Հապերվաքթիմ» կայքին վրայ լոյս տեսած լուր մը, ըստ որուն Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան մէջ կան մեծ թիւով իսլամացած հայեր, որոնք գաղտնաբար ծառայութիւն կը մատուցեն հայութեան, Յակոբեան կապ հաստատած է Միհրան Փրկիչին հետ, որ վերադարձած էր իր իսկական կրօնին եւ ստեղծած‘ Տէրսիմի հայերու միութիւնը:

Միհրան Փրկիչ, որ հայկական արմատներով իսլամներուն կոչ կ՛ընէ վերադառնալու իրենց արմատներուն, ըսած է, թէ իր որոշումէն ետք որոշ թիւով իսլամացած հայեր նեղացած են իրմէ, որովհետեւ այն համոզումը ունեցած են, թէ իրենց գաղտնիքը անտեղ կերպով մը բացայայտած է վտանգի հաւանականութիւնը ստեղծելով:

Միհրան Փրկիչ չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս քանի՞ իսլամացած հայ կայ, սակայն շեշտած է, որ մարդիկ այլեւս պէտք չէ ծածուկ պահեն իրենց հայկական ինքնութիւնը:

Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ Տէրսիմի բնակչութեան 75 տոկոսին արմատները հայկական են, սակայն անոնց մէկ մասը ալեւի դարձած է, իսկ միւս մասը քրտացած:

Միհրան Փրկիչ նշած է նաեւ, թէ ինք 15 տարի Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համար աշխատած է հաստատելով, որ այդ կուսակցութեան ղեկավար կազմին մէջ եւս իրենք զիրենք իսլամ ներկայացնող մեծ թիւով հայեր կան:

Իբրեւ օրինակ, ան կը յայտնէ, թէ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ ընտրական յաղթանակ արձանագրուած է այն շրջաններուն մէջ, ուր հայեր կը բնակէին 1923-էն առաջ: