Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Անցեալներս հաղորդած էինք լուր մը, ըստ որուն «Հայկական պնդումներուն դէմ պայքարի միութիւնը» պնդած էր, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին հայկական եկեղեցի չէ, այլ փեչենեք քրիստոնեայ թուրքերուն կը պատկանի:

Այս արտասովոր պնդումէն ետք, հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ Մշոյ Գալէ թաղամասին մէջ քանդուող հայկական տուները «իրականութեան» մէջ թրքական տուներ են. «Մենք պիտի չքացնենք Մշոյ մէջ սարքուած հայկական այս խաղը», ըսած է նոյն միութեան մէկ ներկայացուցիչ Իրֆան Էրմիշ:

Ինչպէս հաղորդուած էր նախապէս, Մշոյ Գալէ թաղամասին մէջ քաղաքապետութիւնը ձեռնարկած էր հին թաղամասը նոր համալիրներով փոխակերպելու, եւ այս կերպով՝ լուծելու քաղաքին բնակարանային տագնապը: Բայց կարգ մը շրջանակներ այս ծրագիրին դէմ եկան՝ դիտել տալով, որ փլուզումի ենթակայ հին շէնքերը հայերէ մնացած պատմական բնակարաններ են եւ անոնք պէտք չէ քանդուին: Քաղաքապետութիւնը այս մասին քննութիւն բացաւ եւ ուզեց ստուգել, թէ այդ հին տուները իսկապէս հայկակա՞ն էին:

Էրմիշ ըսած է, որ 1957-ին կատարուած արձանագրութեան մը մէջ նշուած է, թէ այս հողամասը նախապէս դատարկ հող էր: Ուրեմն այդ տուները չէին կրնար հայերու տուներ ըլլալ: «Որոշ շրջանակներ Մշոյ մէջ հիմա հայկական նոր խաղ մը սարքել կը ջանան, բայց մենք արգելք պիտի հան- դիսանանք ու պիտի խանգարենք անոնց այս խաղը», ըսած է Էրմիշ:

Ան նաեւ անուղղակի սպառնալիք մը ըրած է «Ակօս» թերթի հասցէին՝ այդ թերթը ամբաստանելով Թուրքիոյ ներքին խաղաղութինն ու անդորրութիւնը խանգարել փորձելու յանցանքով: Ան ըսած է. «Գալէ թաղամասին տուները թրքական տուներ են, պատերուն վրայ դրուած սուլթանական զինանշաններէն յայտնի է: Ո՛չ մէկը կրնայ գրգռել մեր հայ հայրենակիցները», ըսած է: