Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ մէջ հայերու եւ յատկապէս ծպտեալ հայերու նկատմամբ նիւթերուն խիստ զգուշութեամբ կը մօտենան Թուրքիոյ իշխանութիւնները:

2011-ի Հոկտեմբեր 23-ի Վանի երկրաշարժէն քանդուած շէնքերու աւերակներուն տակէն յայտնաբերուած էին գաղտնի եկեղեցիներու հետքեր, որոնց մասին թրքական իշխանութիւնները նախընտրած են լուռ մնալ:

Սոյն տեղեկութիւնները փոխանցած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ ազգութիւնը գաղտնի պահող Վանի ծպտեալ հայերէն մէկը, որ խնդրած է իր անունը չհրապարակել: Ըստ անոր, Վանի մէջ հայեր կան, սակայն, ինչպէս ինք, այնպէս ալ միւսները տարբեր պատճառներով կը խուսափին բացայայտելէ իրենց ինքնութիւնը:

Ան նշած է, որ Վանի երկրաշարժը յայտնաբերած է սրբապատկերներ եւ այլ իրեր, որոնք սովորաբար կ՛ըլլան եկեղեցիներու մէջ եւ կ՛օգտագործուին կրօնական արարողութիւններու ընթացքին, ապա շեշտած է, թէ այս յայտնաբերումներուն նկատմամաբ թրքական իշխանութիւններուն լուռ մնալու մօտեցումը կու գայ այն ենթադրութենէն, որ այդ շէնքերուն մէջ ստեղծուած են գաղտնի եկեղեցիներ, ուր գաղտնաբար կը հաւաքուէին ծպտեալ հայեր: