![]()
Բրիտանական հեղինակաւոր «Տի Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը տպած էր «Մոխիրներէն» խորագիրով եւ «Թուրքիոյ հայերը կը սկսին տօնելու եւ ոգեկոչելու իրենց անցեալը» ենթախորագիրով յօդուած մը՝ «Գիրեր եւ արուեստներ» բաժինին մէջ, որ նուիրուած է Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս հայոց եկեղեցւոյ կից հայկական թանգարան մը հիմնելու ծրագիրին:
Յիշեցնենք, թէ Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր եւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք պայմանագիր մը ստորագրած էին Յուլիսի կիսուն՝ եկեղեցւոյ կից քաղաքային թանգարանի մը շինութեան ձեռնարկելու նպատակով: Անոնք որոշած են այդ թանգարանին մէջ ցուցադրել հայոց վերաբերեալ հնութիւններ՝ քաղաքը աւելի լաւ ձեւով ծանօթացնելու համար օտարներուն:
Եկեղեցիէն բաժին մը անվճար կերպով տրամադրուած է քաղաքապետութեան, իսկ քաղաքապետութիւնը կ՛օգնէ Թաղային խորհուրդին, որպէսզի հին հայկական իրեր, փաստաթուղթեր եւ այլ հայապատկան տեղեկութիւններ ապահովուին եւ յանձնուին թանգարանին: Քաղաքապետութիւնը յանձն պիտի առնէ թանգարանին մաքրութիւնը, ինչպէս նաեւ ջուրի եւ ելեկտրականութեան ծախսերը պիտի ապահովէ:
«Տի Իքոնոմիսթ»-ի յօդուածը կ՛անդրադառնայ նաեւ եկեղեցւոյ վերակառուցման՝ զայն նկատելով հայութիւնը սիրաշահելու Թուրքիոյ իշխանութեանց քաղաքականութեան մասնիկ մը, միաժամանակ յիշեցնելով, թէ Թուրքիա կը շարունակէ հերքել Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Հոն նաեւ կը նշուի, թէ օրական հարիւրաւորներ կ՛այցելեն եկեղեցին. անոնց մէջ կան նաեւ իսլամացած հայեր. նաեւ կը խօսուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ քիւրտերուն մեղսակցութեան համար ներողութիւն խնդրելու նպատակով որոշ քիւրտ ղեկավարներու կատարած կոչերուն մասին:
«1915-ի իրականութիւնը կարելի չէ պահել, բայց իբրեւ երիտասարդ հայ՝ ես նաեւ չեմ ուզեր իբրեւ զոհ ճանչցուիլ, որովհետեւ հպարտ ջահակիրն եմ հարուստ քաղաքակրթութեան մը, որ ոչ միայն վերապրած է, այլ կը շարունակէ աճիլ», ըսած է Թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքին դուստրը՝ Փելինը:
«Տիգրանակերտը Որքան Որ Քիւրտերու, Այդքան Ալ Հայերու Քաղաքն Է» Կ՛ըսէ Պայտեմիր
Թրքական ԻԼՔԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ հայերն ու ասորիները Տիգրանակերտի Վիեննա ժամանած քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի ի պատիւ կազմակերպած են ճաշկերոյթ մը, որուն ժամանակ քիւրտ քաղաքապետը յիշեցուցած է, որ Տիգրանակերտը որքան որ քիւրտերունն է, այնքան ալ հայերուն եւ ասորիներունն է:
Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի ի պատիւ կազմակերպուած ճաշի ժամանակ հայ համայնքի ներկայացուցիչները Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման համար շնորհակալութիւն յայտնած են Պայտեմիրին:
Տիգրանակերտի քաղաքապետը իր կարգին կրկնած է, որ Տիգրանակերտը որքան որ քիւրտերու, այնքան ալ հայերու եւ ասորիներու քաղաքն է, եւ հայերը Տիգրանակերտ հրաւիրած է: Պայտեմիր նշած է, որ եկեղեցւոյ մէկ մասին մէջ պիտի ստեղծուի թանգարան, ուր պիտի ցուցադրուին Տիգրանակերտի հայերու մշակութային ժառանգութիւնները: