«Էկզամիներ» կայքէջին վրայ լոյս տեսած փաստաբան եւ քաղաքական գործիչ Փոլ Քուժաւսքիի յօդուածը կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան:
Ան կը գրէ, թէ 2015-ին ամբողջ աշխարհին վրայ պիտի նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը՝ սով, մահեր, բռնաբարութիւններ, տանջանքներ ու սպանութիւններ, որոնք թրքական կառավարութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ գործած է հայ բնակչութեան դէմ:
Ի հարկէ, թրքական կառավարութիւնը եւ թուրքերու մեծամասնութիւնը կտրուկ կերպով կը հերքեն պատմութեան այդ իրողութիւնը եւ յառաջ կը քշեն այլընտրանքային տարբերակ մը: Անոնք կ՛ըսեն, որ պատերազմ եղած է, երկու կողմերէն ալ զոհեր ե-ղած են, խումբ մը պատմաբաններ պէտք է այդ հարցի ուսումնասիրութիւնը կատարեն… Թրքական կառավարութիւնը, ըլլայ ան քեմալական կամ իսլամական, չ՛ընդունիր ճշմարտութիւնը: Սեփական անցեալի հա-մարձակ կերպով աչք նետելու Թուրքիոյ անկարողութիւնը Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ մշտա-կան լարուածութեան աղբիւր կը հանդիսանայ:
Թուրքիա կտրուկ կերպով դէմ է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որեւէ փորձի: Մինչեւ այս պահս, ան զգալի յաջողութիւններու հասած է Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փորձերու ճնշման ժամանակ՝ ըլլալով ՆԱԹՕ-ի կարեւորագոյն ռազմավարական անդամներէն: Օրինակ, պատասխան դիւանագիտական միջոցառումներու դիմելու սպառնալիքները մինչեւ այսօր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ետ կը պահեն համապատասխան բանաձեւի որդեգրումէն:
Սակայն Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը սարերու ետեւը չէ:
1) Աւելի շատ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի, բազմաթիւ կառավարութիւններ պաշտօնապէս պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ
2) Թուրքիա ստիպուած պիտի ըլլայ աւելի շատ հիասթափութիւններ ապրիլ ու զսպել զայրոյթը: Վերջին ժամանակներուն այդպիսի դէպքեր եղած են:
Բազմաթիւ երկիրներ կը դադրին Թուրքիայէն վախնալէ: Բայց եւ այնպէս, Օպամայի կառավարութիւնը Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներու շարքին չէ: Օպաման պատրաստ է «զանգուածային սպանութիւններու» եւ «ոճրագործութիւններու» մասին խօսելու, սակայն «ցեղասպանութիւն» բառը արգիլուած է: 2015-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր նախագահ պիտի ընտրեն, ուստի տեսնենք՝ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ:
Քիչերը կը կասկածին, որ Թուրքիան այդ հարցին պատճառով պիտի մեկուսանայ եւ առաւել յարձակողականութիւն պիտի ցուցաբերէ: