Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Մայիս ամսու ընթացքին քիւրտ զինեալները սկսած էին հեռանալ թրքական տարածքներէն

Անգարայի եւ քիւրտերու միջեւ զինադադարը որպէս քաղաքական մեծ իրադարձութիւն նկատուած էր օրին: Այսուհանդերձ, քիւրտ զինուորները թրքական տարածքներէն դուրս քաշելու PKKի որոշումը խախտեցաւ: Քիւրտ զինեալները հաղորդեցին թէ Անգարայի հետ համաձայնութիւնը սառեցուած է, մեղադրելով Թուրքիոյ իշխանութիւնները թէ չեն յարգած համաձայնագրի հիմամբ իրենց վերաբերող բաժինները:
Քրտական կուսակցութիւնը մամուլին տարածած իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ թէ հրադադարը պիտի յարգուի առայժմ, սակայն խիստ ոճ գործածեց Անգարայի դէմ, դիտել տալով թէ երկրի կրթական համակարգէն ներս քրտական լեզուի դասաւանդման, հակահաբեկչական օրինագիծի մեղմացման, Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս կուսակցութեանց մուտքի անհրաժեշտ 10%ի տոկոսային դրոյթի վերանայման պայմանները չեն յարգուած:
Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Թայիփ Էրտողան ամբաստանած է PKK թէ իր զինուորներու հազիւ 20%ը ետ մղած է թրքական տարածքներէն: