ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՔՈՒ, «Երկիր», «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երեքշաբթի, Օգոստոս 13ին աշխատանքային այցելութեամբ մը Ատրպէյճան ժամանեց:
Ռուսական պատուիրակութեան կազմին մէջ կային արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, պաշտպանութեան, ուժանիւթի, արտակարգ իրավիճակներու, փոխադրամիջոցներո, տնտեսական զարգացման նախարարները, «Ռոսոպորոնէքսփորթ»ի, «Լուքոյլ»ի, «Ռոսնեֆթ» ընկերութիւններու տնօրէնները եւ ուրիշներ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ խորհրդակցութիւններէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փութին յայտարարեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը միայն քաղաքական լուծում ունի», աւելցնելով, թէ Ալիեւի հետ քննարկած է միջազգային հրատապ շարք մը այլ հարցեր:
«Ռուսիա գործնականօրէն կը նպաստէ Ղարաբաղի տագնապի շուտափոյթ լուծման գործընթացին», ընդգծեց Փութին:
Իր կարգին, Ալիեւ նշեց, որ հակամարտութեան լուծումը կարելի է իրականացնել միայն միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ: «Տագնապին շուտափոյթ լուծումը կը բխի տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերէն: Անիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ պատմական ճշմարտութեան, միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումներուն եւ բանաձեւներուն վրայ: Ռուսիա, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներէն մէկը հանդիսացող երկիր, կարեւոր դեր ունի այս գործընթացին մէջ», աւելցուց Ալիեւ:
«ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը չորս բանաձեւ վաւերացուց՝ պահանջելով հայկական բռնագրաւող ուժերուն հեռացումը մեր հողերէն, բայց միջազգային կազմակերպութեանց բանաձեւները չեն գործադրուիր, այլ կը մնան թուղթի վրայ», ըսաւ Ալիեւ:
Տնտեսական գետնի վրայ, Փութին յայտնեց, թէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը անցեալ տարի աճած է 47 տոկոով: Ալիեւ շեշտեց, թէ ռազմա-արդիւնաբերութեան ու ճարտարագիտական մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը 4 միլիառ տոլար է: