Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռետիօ».- Ֆրանսական «Le Journal du Dimanche» թերթը Կիրակի, Օգոստոս 11ին անդրադարձած է ատրպէյճանական վերջին «սեւ  ցուցակ»ին, որուն վրայ գտնուող 335 անհատները մեծամասնութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու «յանցանք»ով կորսնցուցած են Ատրպէյճան  մուտք գործելու իրաւունքը: Ցուցակին վրայ կան 22 ֆրանսացիներ, որոնցմէ տասն խորհրդարանականներ են:
Կիրակնօրեայ հանդէսը զրոյց ունեցած է «սեւ ցուցակ»ին վրայ յայտնուած պատգամաւորներէն քանի մը հոգի հետ:
«Զարմանալի է յայտնուիլ «սեւ ցուցակ»ի վրայ՝ ցեղային հակամարտութեան այդ մոռցուած գօտին այցելելու պատճառով», ըսած է Պուշ տու Ռոնէն ընտրուած պատգամաւոր Վալերի Պուայէն, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու նպատակով իր տարած աշխատանքին պատճառով, թրքական հալածանքի ենթակայ է նաեւ:
Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ելեւմուտքի յանձնաժողովի նախագահ Ֆիլիփ Մարինի իւրայատուկ ոճով մօտեցած է հարցին՝ նշելով, որ «շոյուած է» Պաքուի այդ վերաբերմունքէն եւ աւելցնելով. «Աշխարհի վրայ շատ քաղաքներ կան. կարելի է մեռնիլ, առանց Պաքուն տեսնելու»: