Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի արձանը կանգնեցնելու փորձ մը եւս ձախողած է, այս անգամ՝ Ռուսիոյ Վոլկոկրատ քաղաքին մէջ, որուն դատախազութիւնը յայտարարած է, թէ քաղաքի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ «Պաքուի պուրակ» մը շինելու աշխատանքները կասեցուած են։
Ըստ պաշտօնատարներու՝ պուրակի շինութիւնը կ՛ընթանար ապօրինի կերպով։ Ըստ ծրագիրի նախագիծին՝ Հայտար Ալիեւի արձանը պիտի զետեղուէր զբօսայգիին մէջ։