Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Սիվիլնեթ» կը տեղեկացնէ, թէ թուրք լրագրող, հրատարակիչ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի «Պելկէ» հրատարակչատունը լուրջ դժուարութեանց դիմաց կը գտնուի ու կրնայ նոյնիսկ փակուիլ, ինչ որ հարուած մը պիտի հասցնէ Թուրքիոյ մէջ մարդկային եւ յատկապէս փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան աշխատանքներուն:

Զարաքօլու նշած էր, թէ իշխանութեանց կողմէ իրեն վրայ ճնշում գործադրելու ձեւը  փոխուած է ու այժմ կը փորձուի տնտեսապէս հարուածել հրատարակչատունը:

Պոլսոյ «Հայթերթ» կայքը կÿըսէ թէ արդէն իսկ ոչ նախանձելի տնտեսական պայմաններու մէջ գտնուող հրատարակչատան գործերը վերջին տարիներուն աւելի վատթարացան ու կոչ կ'ուղղէ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերել «Պելկէ» հրատարակչատան: