Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թրքական «Ռատիքալ» թերթը արձագանգ հանդիսացաւ Մշոյ մէջ նոր քաղաքաշինութեան նպատակով կատարուած փլուզումներուն, որոնց զոհ պիտի երթան հայերէ մնացած վերջին տուներն ու շէնքերը։

Նկատի ունենալով, որ Վանի պաշտպանութեան խորհուրդը հաստատած է, թէ փլուզումի ենթարկուած շէնքերէն մէկը պատմական հնութիւն մըն է, առայժմ դադրեցուցած է փլուզումը։

Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը պայքար սկսած էր՝ կանխելու համար Մուշի հայկական տուներու ոչնչացումը: Կուսակցութեան Մուշէն պատգամաւոր Տեմիր Չելիք ցաւ յայտնած էր, թէ արդէն իսկ մեծ թիւով տուներ քանդուած են:

«Ռատիքալ» արձագանգ հանդիսացած է նաեւ Կարօ Փայլանի խօսքերուն: Փայլան կը ներկայացուի իբրեւ շրջանին մէջ հայկական ժառանգութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կատարող անձ։ Կարօ Փայլան կ՛ըսէ, թէ փլուզումի ենթարկուած վայրին մէջ եկեղեցի, պատմական ճամբաներ ու վանքեր կան, ինչպէս նաեւ՝ բերդ մը, որ նախապէս կը կոչուէր Մուշեղի բերդ։ Ըստ Կարօ Փայլանի՝ Մշոյ մէջ կային ժամանակին 299 եկեղեցի, 94 վանք, 53 ուխտավայր եւ 5669 աշակերտ ունեցող 135 դըպրոց։ Բոլորն ալ մէկ առ մէկ ոչնչացան։