Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

1801 թուականին վերանորոգուած եւ 1895ին թալանուած է եկեղեցին։

Շրջակայ գրեթէ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն նման, կը ծառայէ որպէս ախոռ...

Վանի համալսարանի արուեստի պատմութեան մասնագէտ Մեսուտ Կիւլ, անդրադառնալով աւերակի վերածուելու վտանգին տակ գտնուող հայկական Սուրբ Թովմաս եկեղեցիին, կ'ըսէ, թէ ան պէտք է լուրջ ուշադրութեան արժանանայ պետութեան կողմէ:

Թրքական «Տէմոքրաթ Հապէր» կայքէջին հետ հարցազրոյցի ընթացքին՝ Մ. Կիւլ յայտնած է, որ Ռշտունիներու, իսկ այնուհետեւ Արծրունեաց իշխանական տան տիրոյթ հանդիսացած՝ Արեւմտեան Հայաստանի Վանի գաւառին մէջ գտնուող Սուրբ Թովմաս եկեղեցին փլուզման եզրին է: Ըստ պատմութեան թուրք մասնագէտին՝ լքուած եկեղեցիին տարիներ շարունակ մեծ վնասներ հասցուցած են գանձ որոնողներու «պեղումները», եւ ան կարիք ունի անյապաղ վերականգնումի:

Կիւլ կը յայտնէ, որ 1801 թուականին վերանորոգուած եւ 1895ին թալանուելէ ետք լքուած վիճակի մէջ յայտնուած եկեղեցին բաւական պատկառելի տեսք ունի:

Այս եկեղեցին ալ, շրջակայ գրեթէ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն նման, կը ծառայէ որպէս ախոռ:

Եկեղեցիէն 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի հայկական գերեզմանոցը, ուր գերեզմաններու մեծամասնութիւնը փորուած է, գերեզմանքարերը տեղահան եղած են գանձախոյզներէ։