Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ նախագահ Ապտալա Կիւլ ռուսական «Մոսքովսքի Քոմսոմոլեց» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը հիմնական արգելք է Հարաւային Կովկասի մէջ բարենպաստ մթնոլորտի հաստատման համար:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին՝  Կիւլ նշած է, որ ղարաբաղեան  հիմնախնդիրին մէջ յառաջընթացը իր կարգին դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ:


Ընդգծելով, որ Թուրքիան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման աջակցելու, Կիւլ ըսած է. «Մենք պատրաստ ենք բազմակողմանի կերպով աջակցելու խնդիրի լուծման: Այդ ճամբուն վրայ յառաջընթացը, անկասկած, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ»: