Haggin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդը, որ ծանօթ է Ազգային խորհուրդ անունով, սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման վերաբերեալ հայեցակարգ մշակել:
Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ Ժամիլ Հասանլի յայտարարած է, որ տագնապը լուծելու ուղղութեամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը որեւէ արդիւնք չի տար, ուստի անհրաժեշտ է նոր հայեցակարգ մշակել:
«Արդէն քսան տարիէ ի վեր ատրպէյճանական հողերը բռնագրաւուած են, եւ ամբողջ այս ժամանակահատուածին մէջ նոյնիսկ 20 մեթր տարածք չէ ազատագրուած: Կառավարութեան մեղքով հասարակութիւնը երկար ժամանակ մեկուսացուած եղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման հոլովոյթէն: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցը «փակ նիւթ է», որ կը գտնուի միայն նախագահի «վերահսկողութեան» տակ… Այդ քաղաքականութիւնը, սակայն, ինքզինք չ՛արդարացներ», նշած է ան:
Հասանլի աւելցուցած է, որ ղարաբաղեան տագնապի ձգձգման կը նպաստէ նաեւ Ատրպէյճանի պատկերասփիւռի կայանը, որ ամէն ինչ կ՛ընէ ժողովուրդի ուշադրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի նիւթէն շեղելու համար: