Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Եարոսլավի մէջ կայացաւ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու հանդիպումը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Ճիհան» գործակալութիւնը, հանդիպումը տեղի ունեցաւ Կլոպալ քաղաքական ֆուրումի ծիրէն ներս:


Տմիթրի Մետվեւ եւ Ապտալա Կիւլ  քննարկեցին երկկողմ քաղաքական  եւ տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային շարք մը խնդիրներ։
Հանդիպումէն այլ մանրամասնութիւններ յայտարարուած չեն: Յիշեցնենք սակայն, որ նախապէս թըրքական լրատուամիջոցները տեղեկութիւններ փոխանցած էին, թէ Կիւլ եւ Մետվետեւ հանդիպման  օրակարգին մէջ ներառնուած էր նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի քննարկում: