Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Առաւօտ» կը հաղորդէ թէ Յուլիս 17-ի ամբողջ գիշերը միջպետական ճանապարհի Բաղանիս-Ոսկեպար հատուածին վրայ երթեւեկութիւնը կատարուած է ոչ թէ սահմանին մօտ երկարող միջպետական, այլ սահմանագօտին շրջանցող լեռնային ճանապարհով: Բաղանիսի գիւղապետ Նարեկ Սահակեանը յայտնած է, որ իր տուեալներուն համաձայն՝ Յուլիս 16-ին, ժամը 22:30-ի շուրջ Բաղանիսի տարածքին վրայ ատրպէյճանցի զինեալներ կրակ բացած են հայ

սահմանապահներու դիրքերուն վրայ:  Անկէ յետոյ, ոստիկանութեան Նոյեմբերեանի բաժնի աշխատակիցները Բաղանիս գիւղ ժամանելով՝ փակած են միջպետական մայրուղիով երթեւեկութիւնը, քանզի վտանգ կար, որ ատրպէյճանական զինեալները կրնային գնդակոծել մայրուղիով երթեւեկող աւտոճանապաարհը: Յուլիս 17-ի ժամը 10-էն ետք վերահաստատուած է միջպետական ճանապարհով երթեւեկութիւնը: