ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ «իֆթար»ի ճաշկերոյթի մը ընթացքին պնդեց, թէ վերջին քանի մը տարիներուն երկրին մէջ յատկանշական բարեկարգումներ տեղի ունեցած են՝ երկիրը աւելի մօտեցնելով Եւրոմիութեան չափանիշերուն: Իբրեւ օրինակ ան նշեց, թէ երկրի հայերը 112 տարի սպասելէ ետք՝ կրցած են կրօնական արարողութիւն կատարել Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
Պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն՝ նախարարը յայտնեց, թէ Թուրքիա հարց չունի Հայաստանի հետ եւ թէ հայերուն հետ հարցեր կը ծագին, որովհետեւ Սփիւռքի հայերը իրենց ազգային ինքնութիւնը պահպանելու համար, Թուրքիոյ եւ թուրքերուն դէմ շարունակաբար «ատելութին կը քարոզեն»:
Ան խօսած է 2015ի համար, ըսելով թէ «հայերուն համար հարիւրամեակի յիշատակութեան տարի է: Այս տարելիցը անտարակոյս պիտի գործածուի մեզի դէմ»: