Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի հակարթիռային վահանէն տարրերու տեղակայման վերաբերեալ։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ «ՆԱԹՕ-ի հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի Թուրքիոյ մէջ տեղակայումը տեղի կþունենայ այն ատեն, երբ Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր Ռուսիան նկատել Եւրոպայի մէջ հրթիռային հնարաւոր վտանգներու դէմ պաշտպանութեան հարցին մէջ հաւասար գործընկեր»։
Թրքական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ ռուսական «Թրանսնեֆթ» ընկերութեան փոխ նախագահ ՄԻխայիլ Պարքով յայտարարած է, որ Սամսոն-Ճէյհան քարիւղի խողովակաշարը տնտեսապէս ձեռնտու նախագիծ չէ, այդ պատճառով ալ ռուսական կողմը կը սառեցնէ բանակցային հոլովոյթը։