Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը Պոլսոյ Սանասարեան խանի շէնքը քսան տարիով վարձակալութեան տալու համար մրցում յայտարարած է:

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը հաշուի չառնելով այն հանգամանքը, որ Սանասարեան խանին հետ կապուած դատական հոլովոյթ գոյութիւն ունի, շէնքը քսան տարի վարձակալութեան տալու համար մրցում արդէն յայտարարած է: