«Թուրքիան Եւրոպայի մաս չէ, եւ պարտաւորուած չենք իրեն ընդունիլ Եւրոմիութենէն ներս» ըսած է Գերմանիոյ ֆինանսներու նախարար Վոլֆկանկ Շոյպլէ:
Այս խօսքերով նախարարը առաւելագոյնս բաց ու յստակ արտայայտուած է, հասկացնելու համար որ Գերմանիա դէմ է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան:
Նիւթի մասին հաղորդում կը կատարէ bfm.ru-ն, յաւելեալ նշելով թէ անցեալ շաբաթ Գերմանիան ճնշում գործադրեց ԵՄ երկիրներու քաղաքական ղեկավարութեան վրայ, որպէսզի Պրիւքսել յետաձգէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու հերթական փուլը, որպէս կեցուածք՝ Պոլսոյ մէջ ժողովրդային բողոքին ընդդէմ գործածուած բիրտ ոստիկանական ուժերուն: Այս կեցուածքներուն որպէս արդիւնք՝ բանակցութիւնները յետաձգուեցան նուազագոյնը չորս ամիսով: Այսուհանդերձ, Շոյպլէ վերջին պահուն աւելցուցած է որ Թուրքիոյ համար ճանապարհը դէպի ԵՄ՝ «դեռ եւս բաց» է...