Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թրքական «Թայմթիւրք»-ը կը հաղորդէ, որ ազգութեամբ հայ հօրն ու որդիին «հայ կեաւուրներ» ըսած թուրքի մը դէմ դատական գործ յարուցուած է:

Պոլսոյ քաղաքացիական գործերով դատարանին մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներ, ազգութեամբ հայ Լեւոն Պալճըօղլուին եւ Արթուն Պալճըօղլուին «հայ կեաւուրներ» ըսած Եուսուֆ Փոլաթի դէմ դատական գործ բացուած է:

Դատախազութիւնը ազգութեամբ հայ հօր եւ որդիին հասցէին «հայ» բառը վիրաւորական պարունակի մէջ օգտագործելուն համար Եուսուֆ Փոլաթի համար երկու տարի բանտարկութիւն կը պահանջէ:

Եթէ Եուսուֆ Փոլաթ պատիժի արժանանայ, անիկա առաջին անձը պիտի ըլլայ, որ «հայ» բառը իբրեւ վիրաւորանք օգտագործելուն համար կը դատապարտուի: Դատական գործը բացուած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի «ժողովուրդի մէկ հատուածին դէմ ընկերային դասի, կրօնի, սեռի, ապրած տարածքի վրայ հիմնուելով վիրաւորանք հասցնելու» մեղադրանքներու հիմամբ: