Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

52 տարիներ որպէս թանգարան գործելէ ետք, որպէս մզկիթ վերաբացուեցաւ Տրապիզոնի Սուրբ Սոֆիա յունական եկեղեցին, ուր անցեալ Ուրբաթ օր նամազ (աղօթք) գործադրուեցաւ, 50 մահմետական հաւատացեալներու ներկայութեան:

Թրքական Ռատիքալ թերթը կը հաղորդէ թէ Տրապիզոնի վագըֆներու տնօրէն Մազխար Եըլտըրըմ դիտել տուած է թէ աղօթավայրի վերածուելու նախաձեռնութիւնը պիտի չխանգարէ թանգարանի գործունէութիւնը, որ կանոնաւոր պիտի շարունակուի, բացի օրական հինգ անգամէ, երբ եկեղեցին աղօթքի վայր պիտի դառնայ: Ան բացատրեց թէ յատուկ նախապատրաստութիւն տեղի ունեցած է, իսկ աղօթքի պահուն վարագոյրներով պիտի               փակուին թանգարանի խճանկարները եւ բիւզանդական սրբանկաները:

Տրապիզոնի Այիա Սոֆիա եկեղեցին շատ հին է: Մըզկիթի վերածուեցաւ Պոլսոյ անկումէն ետք եւ հազիւ 1961ին էր որ թանգարանի վերածուեցաւ: