Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

"Ակունք" կը հրատարակէ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեանի աշխատասիրութիւնը, ուր ան քննութեան տակ կ'առնէ վերջին տարիներուն ընթացքին նախապէս Թուրքիոյ մէջ լուրջ "թապու" եղած հարցերու ընթացքը։

Այս հարցերը մեծ մասով պայմանաւորուած եղած են Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացով եւ յարակից այլ գործօններով։ Վերջին շրջանին սկսած է համեմատաբար ազատ քննարկումը այս նիւթերուն, որոնց շարքին նաեւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ այլ շրջաններու մէջ մնացած արեւմտահայութեան բեկորներու՝ ծպտեալ հայերու խնդիրը:

Ժամանակակից թրքական մամուլը որոշտեղ կը յատկացնէ հաւատափոխ եղած հայերու տեղաբաշխուածութեան, թուաքանակին, գործունէութեան, բացայայտելով՝ իրենց արմատներուն վերադառնալու եւ կրօնադարձութեան դէպքերու տարբեր օրինակներ։

Թուրք մտաւորական շրջանակները, ինչպէս նաեւ լրագրական շրջանակները առաւելապէս յուզող խնդիրը, կը կեդրոնանայ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքէն ներս բարձր դիրքի հասած հայ եւ այլազգի կրօնափոխներու պարագային։ Նոյնպէս նկատի կþառնուի ծպտեալ հայերու ներգրաւուածութիւնը ձախակողմեան հոսանքներու, կամ այլ կազմակերպութիւններու մէջ, իսկ մամուլին մէջ այս գծով հնչած տեսակէտները, նման են Թրքական պատմագիտական ընկերութեան նախկին նախագահ, փրոֆեսէօր Եուսուֆ Հալաճօղլուի կարծիքներուն։

Կրօնափոխ հայերու առնչութեամբ թրքական մամուլին մէջ արծարծուող թեմաներէն մէկն ալ թրքական ցեղապաշտութեամբ տառապող իսլամացած հայերն են: Հարկ է նշել, որ երբեմն յօդուածներու կարելի է հանդիպիլ իսլամացած հայերու հանդէպ դրական վերաբերմունքով, ուր ընդհանրապէս հանդուրժողականութիւն կը քարոզոււի այլոց հանդէպ։ Ծպտեալ եւ այլադաւան հայերու խնդիրը երբեմն կը քննարկուի նաեւ կրթական համակարգէն ներս։

2010էն ետք ծպտեալ հայերու թեման աշխուժացաւ յատկապէս Սեպտեմբեր ամսուն, երբ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին մասնակցեցան նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթէշեանի իսլամացած զարմիկները, որոնք հրապարակաւ յայտնեցին, որ մկրտուելու համար կը սպասէին Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացման: Նիւթը անմիջապէս լայն արձագանգ ստացաւ թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ, քանի որ այն կþարծարծուէր Պոլսոյ հայկական համայնքի հոգեւոր առաջնորդի մակարդակով:

Թերեւս կարելի է արձանագրել, որ թրքական մամուլին մէջ ծպտեալ հայերու հանդէպ նկատելի է երկու տեսակի վերաբերմունք՝ բացասական եւ դրական: Բացասական, երբ ծպտեալ հայերը կը դիտուին որպէս Թուրքիոյ ամբողջականութիւնը սպառնացող վտանգ, ու դրական, երբ ողբերգութիւն կը փնտռուի հայերու հարցին մէջ։