Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Տարբեր գնահատականներ շատ կը լսուին Ատրպէյճանի մէջ բանակի օրուայ առիթով տեղի ունեցած ռազմական զօրահանդէսի մասին:

Երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ըստ իր սովորութեան, առիթը գտաւ անգամ մը եւս յայտարարելու, թէ պատերազմի առաջին փուլը աւարտած է սակայն, պատերազմը աւարտած չէ:

Վերլուծելով այս եղելութիւնները՝ հանդէս եկան քաղաքագետ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանը եւ ռազմական փորձագէտ Դաւիթ Ջամալեանը:

Ըստ ռազմական փորձագէտներու կարծիքին՝ եթէ երկիրը պատերազմի կը պատրաստուի, ան պէտք է յստակ ունենայ նաեւ պատերազմի պատկերացումը՝ ծրագիրը, որոշած ըլլայ թէ ինչպէս պիտի վարուի:

«Ենթադրելով Ադրբեջանի սպառազինութիւններու տրամաբանութենէն, մենք խնդիրը հետեւեալ ձեւով կը ձեւակերպենք. թէ Ատրպէյճանի բանակի առջեւ խնդիր դրուած է մի քանի տեղերէ կայծակնային հարուածներով գրաւել ինչ-որ տարածքներ: Այդ նպատակը իրականացնելու համար Ադրբեջանը պատրաստ չէ: Փաստը կը մնայ փաստ, քանի որ եթէ պատրաստ ըլլար, կը սկսէր այդ գործողութիւնները կատարել»,- ըսած է Դաւիթ Ջամալեանը: 

Ինչ կը վերաբերի ալիեւեան յայտարարութեան, ռազմական փորձագէտները «ստանդարտ եւ սպասելի յայտարարութիւններ» բնորոշած են անոնք, միաժամանակ նշելով՝ «գիտենք որ պատերազմի կը պատրաստուին. պէտք է քայլերու ձեռնարկենք, որպէսզի այդ խօսքերը մնան լոկ յայտարարութիւններ»:

Ռուսիոյ Կողմէ Ատրպէյճանին Վաճառուած Զէնքերը Չեն Խախտեր Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան արձագանգած է վերջին օրերուն լրատուամիջոցներուն մէջ շրջան ընող եւ Ատրպէյճանի ռազմական կարողականութեան նոր ձեռքբերումներուն վերաբերող տեղեկութիւններուն:

«Ադրբեջանի սպառազինութեան եւ ռազմական տեխնիկայի ձեռքբերումները, ընդհանրապէս, չեն գնահատւում խնդրայարոյց եւ յայտնի են Հայաստանի համապատասխան ծառայութիւններին դեռ եւս պայմանագրերի կնքման պահից: Վաճառուող արտադրանքի տեսակներն ու քանակը չեն խախտում ուժերի հաւասարակշռութիւնը եւ նախադրեալներ չեն ստեղծում Ադրբեջանի ղեկավարութեան համար՝ ի հարկէ խելամտութեան դէպքում, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ռազմական ագրեսիա իրականացնելու համար», «Դիմատետր»ի իր էջին վրայ գրած է Արծրուն Յովհաննիսեան ու աւելցուցած, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը զերծ կը մնայ որեւէ յայտարարութիւն կատարելէ կամ դիրքորոշում որդեգրելէ՝ հաշուի առնելով լրահոսին մէջ տեղ գտած որոշակի ապատեղեկատուութեան հանգամանքը։