Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք «Քնալը Կղզին եւ Պոլսահայութիւնը» խորագիրը կրող դոկտ Սարգիս Ատամի հետեւեալ անդրադարձը, որ հրապարակուած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթի մէջ։

Աւելի քան 35 տարիէ ի վեր ամառուան արձակուրդս ընտանիքիս հետ միասին Պոլսոյ Իշխանաց Կղզիներէն Հայահոծ Քնալը Կղզիի մէջ կանցնեմ:

Լուսանկարը՝ Լէոնիտաս Թումպանոսի

Պոլսոյ Իշխանաց Կղզինները շուրջ 550 տարի առաջ եկրաշարժի մը հետեւանքով Թուրքիոյ Ասիոյ ցամաքամասի Քօչաէլի թերակղզիէ փրթած եօթը կղզիներ են, որոնցմէ միայն Պիւյիւք Ատա, Հէյպէլի, Պուրկազ, Քնալը բնակչութիւն ունին, իսկ Սէտէֆ կղզին միայն զբօսաշրջիկային կղզի մըն է:
Իշխանաց կղզիները Բիւզանդիոն Կայսրութեան շրջանին կը գործածուէն իշխանութեան յանցաւոր պաշտօնեաները պատժելու՝ որպէս աքսորի վայր:
18-րդ դարէն սկսեալ Յոյները, Հայերը, Հրեաները, շատ քիչ թիւով ալ Թուրքերը սկսեր են Իշխանաց կղզիներու մէջ բնակարաններ կառուցել եւ հոս հաստատուիլ, սակայն 1950-1955 թուականերու միջեւ երկրի քաղաքական կեանքի ալեկուծումներու հետեւանքով Յոյները ու Հրեաները ու նաեւ Հայերը ըս-կըսեր են երկիրը լքել, հետեւաբար այդ օրէն սկսեալ Իշխանաց կղզիներու ոչմահմետական ժողովուրդի բնակչութեան թիւը հետզհետէ պակսեր է:
Քնալը Կզղին հին ատեններուն կը կոչուէր յունարէն Փրօթի, ուր ամառները կÿապրէին յոյները, հայերը, հրեաները, թուրքերը միասնաբար անդոր ու երջանիկ կեանք:
Այսօր Փրօթի-Քնալը կղզիի մէջ կÿապրին շատ քիչ թիւով յոյներ եւ հրեաներ, կղզիի ա- մառուայ բնակչութեան թիւը կը հասնի 18-20 հազարի, որուն մեծամասնութիւնը 12-14 հազար բնակչութիւնով հայերը կը կազմեն: Ատենօք Քնալը կղզիին մէջ կար թուրքական, հայկական, յունական նախակրթարաններ, այսօր յունական ու ատենին Ներսեսեան վարժարան կոչուող հայկական վարժանները գոյութիւն չունին, կղզիին մէջ կայ նաեւ յունական Այա Ֆօթի-Սուրբ Իրինա վանքը, որուն գործունէութեան 1995-ին վերջ տրուեցաւ: Կղզին ունի իրարու յարակից թրքական, յունական, հայկական գերեզմանատուներ, հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, Գարակէօզեան հայկական վարժարանի մանկանց ամրան կազդուրման կայանը, Գրիգոր Ճամպազեան մարզասրահը:
Արդ, պոլսահայ կեանքի վերաբերեալ գաղափար մը ունենալու համար եթէ Քնալը կղզիի ամառուայ հայ կեանքի կարճ ակնարկ մը նետենք, մեծ սխալ մը գործած չենք ըլլար: Անցեալին պոլսահայութիւնը իր մշակոյթային ու ընկերային կեանքի ճոխ հարուստութիւնով, իր տաղանդաւար ու ստեղծագործ մշակութային ու ազգային գործիչներով եղած էր հայ աշխարհին կարեւոր կեդրոններէն մին, պոլսահայը ծանօթ էր նաեւ իր եկեղեցասիրութիւնով, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն իր պատրիարքութիւնով, հայկական երկու հիւանդանոցներով, եկեղեցիներով, հայկական վարժարաներով, իր պատմական հարուստութիւնով ու արժէքներով, ու նաեւ հայ գիրի, հայ միտքի, հայ արուեստի, հայ լեզուի, հայ մշակոյթի ու հայ կեանքի ծառայող, իր ծոցէն հանած հայ հանրութեան ծանօթ Պարոնեան, Դուրեան, Չօպանեան, Միսաք Մեծարենց, Զապէլ Ասատուր, Զապէլ Եսաեան, Զօհրապ, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, Զարիֆեան, Պէրպէրեան եւ այլ տաղանդաւոր ու ստեղծագործ հայերով:
Մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմ թուրքահայութեան բնկաչութեան թիւը կը հասնէր մօտաւորապէս 250 հազարի, սակայն Համաշխարհային Բ. պատերազմէն վերջ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական այլ պատճառներով թրքահայութիւնը մեծ արտագաղթ մը տուաւ, որը, շատ ծանր հարուած մը իջեցնելով պոլսահայ կեանքի վրայ, պատճառ եղաւ հայ բնակչութեան հետզհետէ պակսելուն. ոչ պաշտօնական տուեալներով այսօր պոլսահայ համայնքի բնակչութիւնը հազիւ կը հասնի 50-55 հազար տեղացիի, իսկ 10-12 հազար Հայաստանցի հայերու:
Արտագաղթը ոչ թէ միայն պոլասահայ բնակչութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ, այլ նաեւ պոլսահայ կեանքի բոլոր ոլորտներու վրայ հարուածներ իջեցուց. նահանջեց հայ կեանքի ընկերային, մշակոյթային, արուեստի, արհեստի, տնտեսական կեանքը, իրենց գործունէութիւններուն վերջ տալու պարտաւորուեցան բազմաթիւ հայ հաստատութիւններ, վարժարաներ, ակումբներ, մշակոյթի կեդրոնններ, փակուեցան եկեղիցիներ, մշակոյթի կեդրոններ, պակսեցան հայ միտքի, հայ մշակոյթի, հայ արուեստի գործիչներ, հայ մշակոյթը, հայ արուեստը, հայ ընկերային կեանքը «մաշեցաւ»:
Այսօր թէեւ կան հրաշալի ու շնորհալի, գնահատելի աշխատանքներ տանողներ, սակայն պոլսահայութիւնր սկսած է իր պապերէն իրեն ժառանգ մնացած ազգային ու մշակոյթային արժէքները սպառել:
Այսօր պոլսահայ կեանքի մէջ շատ քիչ է հայ գիրին, հայ միտքին, հայ լեզուին, հայ արուեստին ծառայող, նոր արժէքներ արտադրող ստեղծագործ հայերու թիւը: Արդեօ՞ք այս բոլորը պոլսահայ համայքին բաւական է, եւ կամ որքան ատեն պիտի բաւէ:
Պոլսահայութիւնը իր գոյութիւնը  կը շարունակէ մօտաւարապէս 2000 տարիէ ի վեր, այսօր ունի իր Պատրիարքական Սուրբ Աթոռը՝ 36-է աւելի եկեղեցիներով եւ անոնց թաղային խորհուրդներով, մօտ 20 հայկական վարժարան‘ ի մէջառեալ հայկական 5 լիսէներով եւ ընդամենը մօտ 3100-3200 հայ սաներով, Սուրբ Փրկիչ Ազգային ու Սուրբ Յակոբ երկու հիւանդանոցներ, հայերէն հրատարակուող «Մարմարա», «Ժամանակ» երկու օրաթերթեր, թրքերէն ու հայերէն հրատարակ-ւող «Ակօս» շաբաթաթերթը, մի քանի հայկական  կայքէջեր ու ելեկտրոնիք թերթեր, 6-7 սանուց միութիւններ, 5-6 երգչախումբեր, Թագսիմ ու Շիշլի կոչ-ւող երկու մարզախումբեր, թատերխումբեր, Մանկանց թատերխունբ, Ուսուցչաց հիմնարկ, ծերանոց, Գալֆայեան ու Գարակէօզեան Մանկանց Տուներ, Քնալը Կղզիի մանկանց կազդուրման կայան, Հայ բողոքական համայնքի, Հայաստանցի երախաներու Դասատունը, պարի եւ երգի Դալար խումբը, առաւել եւս պոլսահայ համայքի պատիւ ու հպարտութիւն շահեցնող, հայ աշխարհին ծանօթ պարի եւ երգի Մարալ խումբը:
Անցեալի մէջ պոլսահայերը կը փորձէին հայ ազգային ու համայնքային հաստատութիւններու շուրջ իրենց գոյութիւնը շարունակել՝ պահպանելով իրենց կրօնքն ու եկեղեցասիրութիւնը: Այսօր ընդամէնը 70-80 հազար բնակչութիւն ունեցող պոլսահայութիւնը անցեալին նոյնը չէր, թէեւ այսօր ալ կան պոլսահայեր, որոնք կը հետապնդեն ապացուցանել անյարմար պայմաներու տակ (իսկ հայը իր բնածին կարողութիւններով, մտածումներով, ապրումներով, ստեղծագործական տաղանդով, աշխատասիրութեամբ, իր եկեղեցասիրութեամբ ու վարմունքով հաստատակամ քալած է իր պապերու հետքերէն), հակառակ սահմանափակ միջոցներու, ալեկոծումնրու ու փոթորիկներու, ինչպէս որ բժիշկ- բանաստեղծ Տքթ. Ինգա Սարըասլան «Մենք յաւերժութեան ծառը եղանք»-ի մէջ կըսէ, Փիւնիկի պէս վերածնելու, ծաղկելու, իր կամքով ու տոկունութիւնով ջանք կը թափէն յաւերժութեան հասնելու համար, հայ հոգեւոր, մշակոյթային ու աշխարհիկ, ընկերային դարաւոր ու պատմական արժէքները պահպանելու նախախնամութեան վրայ:
Արդեօ՞ք այս բոլորը պոլսահայութեան բաւարար է:
Այսօր շատ ցաւալի է դարերով փայլուն անցեալ մը ունեցող պատմական պոլսահայ կեանքի լայն խաւերու մէջ տեսնել այլ պատճառներու ծնունդ տուած հայ համայնքի, հայ մշակոյթի, հայ կեանքի, հայ լեզուի, հայ միտքի, հայ գիրի, հայ թերթի, հայ գիրքի  նկատմաբ անտարբերութիւնը, սիրտի խոր ցաւ է իմանալ հայ ընտանիքներու՝ հայ վարժարաներու հանդէպ ունեցած ժխտական նախապաշարումները, իրենց զաւակներուն օտար լեզու սորվեցնելը՝ պատճառաբանելով օտար  վարժարաներու նկատմաբ ունեցած նախասիրութիւնը եւ նախընտրութիւնը:
Ազգի մը համար իր մայրենի լեզուն ոչ միայն կենսական միջոց է հաղորդակցութեան, այլ նաեւ անհրաժեշտ ազդակ մըն է ինքնութեան կերտման, ինքնագիտակցութեան ու անոր խորացման, եւ նաեւ՝ ինքնաարտայայտութեան ձեւաւորման, իսկ մեզի համար, մեր պատմական հայ ազգի համար այս բոլորէն անդին մեր լեզուն մեր գոյութեան ամէնէն զօրեղ սիւներէն մէկն է, մեր ազգին ամբողջականութեան ու միութեան պահպանման, գոյատեւման ամէնէն էական միջոցներէն մին է. առանց հայ լեզուի ինչպէ՞ս կարելի է հայրենակերտում ու հայրենագիտութիւն: Մեր լեզուն ու մեր գիրը մեզի համար կանթեղ մըն է, Մեսրոպ Մաշտոցի կանթեղը, որը կը լուսաւորէ մեր բոլորին ապագայի ճամբան:
Այսօր ինքնութիւն, մշակոյթ, լեզու ու աւանդութիւն մաշեցնող սփիւռքի պայմաներու մէջ արեւմտահայերենը շատ տխուր ու ողբերգական պատկեր մը կը ներկայացնէ. դժգոհութիւններ արտայայտելով, քննադատութիւներ ընելով, յօդուածներ գրելով, դասախօսութիւներ կազմակերպելով, ժողովներ գումարելով չենք կրնար հարցին հիմնական լուծումներ գտնել, հարցերու լուծման մէջ պէտք է միասնական ու միատեղ պայքարիլ: Մարդուժի, այսինքն հայագէտ, ուսուցիչ, լեզ-ւաբան, ընկերաբան, մտաւորական, ազգային գործիչ ու ղեկավար, ազգային գիտակցութեան տէր մղիչ ուժի միասնականութիւնը ու համագործակցութիւնը խիստ կենսական է, հայ անհատը հայ մշակոյթին, հայ միտքին, հայ կեանքին հաղորդակից դարձնելու առաքելութեան գործընթացքի մէջ.
Իւրաքանչիւր հայ անհատ պէտք է գիտակցի, թէ հայկական ոգին ու ազգային գիտակցութիւնը, հայ լեզուն կենսական են հայ ազգի գոյատեւման ու պահպանման պայքարին մէջ: