Յունական մամուլի մեծամասնութիւնը գոհունակութեամբ բայց նոյն պահուն թերահաւատութեամբ ու կասկածամտութեամբ ընդունեց «վագըֆ»ները իրենց սեփական տէրերուն վերադարձնելու մասին Թուրքիոյ վարչակարգի վերջին օրէնքը, որ վարչապետ Էրտողանի կողմէ յայտարարուեցաւ:
Յօդուածագիրներու անդրադարձները անմիջապէս կեդրոնացան արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի արձագանգին, որ դիտել կուտար թէ՝ «փոխադարձութեան» հարց առկայ է, ակնարկելով Թրակիոյ շրջանին մէջ նախկին օսմանեան կառոյցներու...
Անշուշտ Էրտողանի յայտարարութեան նախորդած է երկար տարիներու պայքար, որու սկիզբը 1972ին պէտք է գտնել, երբ Թուրքիա պետական գոյքի վերածեց բոլոր այդ սեփականութիւնները:
Եւրոպական շրջանակները փութացին շնորհաւորելու Թուրքիոյ որոշումը, անպաշտօն սակայն բոլորին ծանօթ է, թէ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ պետականացուած գոյքերու սեփականատէրերուն վճարուելիք գումարը հազիւ 1/5րդն է, դատական դիմումներու պարագային վճարուելիք հատուցումներու ահաւոր բաձր գումարներէն:
Թերահաւատութիւնը կը կայանայ նաեւ անցեալի փորձառութեան վրայ, երբ 2008ին դարձեալ նմանօրինակ օրէնք մը յայտարարուեցաւ, որու արդիւնքով սակայն 1000 գոյքերու վրայ միայն 7%ը վերադարձուեցաւ սեփականատէրերուն:
Հիասթափեցնող համեմատութիւն մը անկասկած:
Յունական պատկանելիութեան «վագըֆ»ներու թիւը բարձր է: 2008էն ներկայացուած են 1410 վերադարձի դիմումներ, որոնց 370ին հաւանաբար գոհացում տրուի: Թաքսիմ հրապարակին վրայ հսկայ բազմայարկ շէնքեր, վաճառախանութներ եւայլն, մաս կը կազմեն այս ցանկին: