Մուշի մէջ պատմական հայկական տուներու ոչնչացումը կանխելու նպատակով Թուրքիոյ մէջ ելեկտրոնային ստորագրահաւաք սկսած է: Այս մասին կը տեղեկանանք imzakampanyam.com կայքի մէջ տեղադրուած հաղորդագրութենէն։
Հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է,- «այսօր Թուրքիոյ մէջ հաշուեյարդար կը տեսնեն բոլոր այն հնագոյն ազգերու հետ, որոնց հարցերը 1915 թուականէն ետք մնացին չլուծուած: «Հայերը, յոյները, ասորիները համակարգուած կերպով ձեւով կոտորածի կ'ենթարկուին: 1915 թուականի ցեղասպանութեամբ սկսած գործընթացը այսօր կը շարունակուի իբրեւ մշակութային եւ տնտեսական ցեղասպանութիւն»:
Ստորագրահաւաքը սկսած է հիմք ընդունելով այն փաստը, որ Մուշի մէջ իշխող «արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը հայկական պատմական տուները կը փորցէ քանդել եւ տալ TOKI շինարարական ընկերութեան:
Ստորագրահաւաքի կազմակերպիչներու կարծիքով, այս քանդման նպատակը մեծ շահոյթ ստանալն է, ինչպէս նաեւ հաւաքական յիշողութիւնը ոչնչացնելը: Քեմալականութիւնը կը ցանկար հայ ժողովուրդի բնակավայր հանդիսացող այս տարածաշրջանի մէջ ջնջել հայ ժողովուրդի բոլոր հետքերը: Այժմ նոյնը կ'ընէ «արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը, ըսուած է գրութեան մէջ:
Յատկապէս Մուշի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ քրտական կուսակցութիւններն ընելիք շատ բան ունին:
Անոնք նախազգուշացուցած են, որ տարիներ ետք թրքական իշխանութիւնները նոյնը կրնան ընել քիւրտ ժողովուրդին հանդէպ: «Մշակոյթ ոչնչացնելը մարդկութիւն ոչնչացնել կը նշանակէ: Սա պատմական կոտորած է: Յանուն ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ հաւասարութեան դուն ալ քու ստորագրութեամբդ կանխէ այս կործանումը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կազմակերպիչները 10 հազար ելեկտրոնային ստորագրութիւն հաւաքելու նպատակ ունին:
Թուրքիոյ մէջ գործող «Այքըրըդողրուլար» կայքի հայազգի լրագրող Ջեւաթ Սինեթը կը յայտնէ թէ Մուշի կեդրոնին մէջ քանդուող հայերու տուներուն փոխարէն պիտի կառուցուին պետական մարմիններու համար նախատեսուած շէնքեր։